Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ամերիկեան Ներկայ Վարչակազմը Ամբողջովին Հայաստանի Օգտին Կողմնակալ Կեցուածք Կ՛որդեգրէ» Կ՛ըսէ Ալիեւ

January 14, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ չորեքշաբթի օր ազրպէյճանական պատկերասփիւռի կայաններուն հետ ունեցած իր հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Ամերիկեան ներկայ վարչակազմը ամբողջովին Հայաստանի օգտին կողմնակալ կեցուածք կ՛որդեգրէ»:

«Լեռնային Ղարաբաղի 2020-ի աշնան պատերազմի ընթացքին, Ֆրանսան, հակառակ անոր որ իբրեւ միջնորդ անկողմնակալ պէտք էր ըլլար, աներկբայելի կերպով հայերուն զօրակցող կեցուածք որդեգրեց», նշեց Ալիեւ` աւելցնելով. «Պատերազմէն ետք Միացեալ Նահանգները, հակառակ այն իրողութեան, որ անոնք եւս միջնորդ են, պէտք էր անկողմնակալ մնային, սակայն հրապարակաւ հայերուն աջակցող կեցուածք որդեգրեցին»:

«Մամուլին մէջ նշուած միայն երկու հարց կրնան այս եզրակացութիւններուն հիմք ծառայել` Հայաստանը «Ժողովրդավարութեան վեհաժողով»-ին հրաւիրելը եւ Ազրպէյճանը այդ ժողովին չհրաւիրելը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը Ուաշինկթըն հրաւիրելը եւ Ազրպէյճանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը Միացեալ Նահանգներ չհրաւիրելը: Ասիկա կը նշանակէ, թէ բացայայտ զատողութիւն գոյութիւն ունի», ըսաւ Ալիեւ:

Ազրպէյճանի նախագահը աւելցուց, որ իր երկիրը ոչինչ կորսնցուցած է «Յանուն ժողովրդավարութեան վեհաժողով»-ին չհրաւիրուելուն պատճառով` աւելցնելով. «Չ՛արժեր երկու վայրկեան տեւողութեամբ խօսքի համար ջանք թափել: Սակայն իրականութիւնը այն է, որ հաւասարակշռութիւնը յստակ կերպով քայքայուեցաւ, եւ ի յայտ եկաւ, որ ամերիկեան ներկայ վարչակազմը միակողմանի կերպով կ՛աջակցի Հայաստանին: Ասիկա իրենց հարցն է, իսկ մենք, ինչպէս կ՛ըսուի, մեր տեսակէտը միայն կը յայտնենք, եւ անշուշտ ատիկա մեր սեփական քաղաքականութեան մէջ նկատի պիտի առնենք»:

Ալիեւ միեւնոյն ժամանակ յայտնեց. «Եւրոպական Միութիւնը ինքն իրեն ատիկա չարտօնեց: Պրիւքսելի մէջ վերջին ժողովի ընթացքին ամբողջական հաւասարակշռութիւն նկատուեցաւ, եւ ատիկա պատճառ կու տայ ըսելու, որ անոնք կրնան Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման մէջ կրնան դրական դեր խաղալ»:

Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան հետ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններուն, Ազրպէյճանի նախագահը նշեց. «Միութեան հետ մեր յարաբերութիւնները դրական են, սակայն ատոր անդամակցութեան չենք ձգտիր»:

Ալիեւ. «Ռուս Խաղաղապահները Կը Փորձեն Այնպէս Ընել, Որ Կարելի Եղածին Չափ Քիչ Մարդ Լքէ Լեռնային Ղարաբաղը»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պատկերասփիւռի կայաններուն տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է, որ, ընդհանուր առմամբ, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահները լաւ կը կատարեն իրենց առջեւ դրուած առաջադրանքները, թէեւ անոնց նկատմամբ կան պահանջներ:

«Մէկ անգամ չէ, որ պաշտօնապէս մեր դժգոհութիւնը յայտնած ենք անօրինական այցելութիւններու առնչութեամբ: Մեր պաշտպանութեան նախարարը մէկ անգամ չէ, որ նամակներ յղած է իր ռուս գործընկերոջ, ինչպէս նաեւ դժգոհութիւն յայտնած խաղաղապահ առաքելութեան ղեկավարին:

«Նման քայլեր ձեռնարկուած են Վալերի Փեքրեսի (Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածու, «Ա.») անօրինական այցելութեան ժամանակ: Մեզի պատասխանեցին, որ իրենք (խաղաղապահները) ուշադիր չեն եղած, տեղեակ չեն եղած, ըսած են, որ Փեքրեսը սովորական ինքնաշարժով եկած է եւ այլն: Ես կ՛ըսեմ այնպէս` ասոր դժուար է հաւատալ: Այս այցելութիւնը կազմակերպուած էր…

«Անոր հետ եկած են Ֆրանսայի նախկին արտաքին գործոց նախարարը, Եւրոպական Միութեան յանձնակատար Պառնիէն եւ երեսփոխան մը: Անոնք թաքուն այնտեղ գացած են, իսկ անոնց այցելութեան լուրը յայտնի դարձած է միայն վերադարձէն ետք: Անոնք հաւանաբար կը վախնային, որ մենք Լաչինի միջանցքին մէջ զիրենք կը կանգնեցնենք», ըսած է Ալիեւ:

Ան նաեւ նշած է, որ ռուս խաղաղապահները կը փորձեն այնպէս ընել, որ կարելի եղածին չափ քիչ մարդ լքէ իրենց պատասխանատուութեան տարածքը:

«Ռուս խաղաղապահները կ՛ուզեն մուտքը ազատ դարձնել եւ որոշակի խնդիրներ ստեղծել ելքի վրայ: Հեռացող ինքնաշարժները կը կանգնեցուին, վարորդներուն կը հարցաքննեն, որովհետեւ չեն ուզեր, որ մարդիկ այստեղէն երթան: Ասիկա չի կրնար պատահական ըլլալ», ըսած է Ալիեւ:

Ազրպէյճանի նախագահը նաեւ նշած է, որ հակառակ վերոնշեալ պնդումներուն, ինք դրական կը գնահատէ խաղաղապահներու աշխատանքը:

«Ոչ մէկ լուրջ միջադէպ եղած է. միջադէպեր եղած են միայն հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ», եզրափակած է ան:

Ազրպէյճանի նախագահը նաեւ յայտնած է, որ Հայաստանը, յանուն Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման, պէտք է ճանչնայ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը:

«Մենք երրորդ պատերազմ չենք ուզեր, ատիկա մեր ծրագիրներուն մէջ տեղ չունի: Մենք կ՛ուզենք, որ պատերազմի շրջանը աւարտի, մենք կ՛ուզենք, որ բնական յարաբերութիւններ հաստատուին, որպէսզի Հայաստանը վերջապէս ճանչնայ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Մենք ասիկա կ՛ուզենք: Սակայն եթէ տեսնենք, որ, ինչպէս ըսի, մեզի համար վտանգ կայ, այդ սպառնալիքը տեղւոյն վրայ պիտի վերցուի», ըսած է ան:

Անոր համաձայն, Հայաստանի մէջ վրէժխնդրական միտումներ կը դրսեւորուին ո՛չ միայն նախկին, այլ նաեւ ներկայ պետական պաշտօնեաներու մօտ:

«Ուստի, կը կրկնեմ, երբեք պէտք չէ խաբուիլ (Հայաստանի) ներկայ իշխանութեան բարի խօսքերէն: Մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք, թէ շրջանին մէջ ինչ դրացիի հետ կ՛ապրինք: Ասոր առնչուած են նաեւ սահմանային սադրանքները: Անոնք կ՛ուզեն դարձեալ մեզ փորձել», ըսած է Ալիեւ:

Ազրպէյճանի նախագահը յայտարարած է, որ իրենք Քարվաճառի, Լաչինի, Կովսականի եւ Սանասարի շրջաններուն մէջ աւելի քան 700 քիլոմեթր երկարող ռազմական նշանակութեան ճամբաներ կառուցած են: «Այդ ճամբաները կարելի է նկատել ծառայողական կամ զինուորական, անոնք դէպի դիրքեր, սահմաններ կը տանին, կը բարձրանան դէպի լեռներ», նշած է ան:

Ալիեւ ընդգծած է, որ իրենք հաստատուած են սահմանամերձ բոլոր հիմնական բնակավայրերուն մէջ:

 

Նախորդը

«Ֆլայուան Արմենիա»-ն Երեւան-Պոլիս-Երեւան Ուղղութեամբ Թռիչքներու Համար Թուրքիայէն Արտօնութիւն Ստացած Է

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Անդրադարձած Է Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ Տիրող Կացութեան

RelatedPosts

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.