Երէկ` երեքշաբթի, 11 յունուար 2022-ին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 3:15-ի շուրջ, ազրպէյճանական կողմը կրակ բացաւ Գեղարքունիքի մարզի Վերին Շորժայի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ, որուն պատճառով զինուոր մը միջին ծանրութեամբ վիրաւորուեցաւ:
Աւելի ուշ` երեկոյեան ժամը 5:30-ի շուրջ, ազրպէյճանական կողմը վերսկսաւ կրակոցներ արձակել հայ-ազրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ` օգտագործելով նաեւ հրետանային միջոցներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր: Հայկական կողմը դիմեց համարժէք գործողութիւններու:
Երեկոյեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ ազրպէյճանական ստորաբաժանումներու սադրանքին պատճառով զոհուեցան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան զինուորական ծառայողներ` շարքային Արթուր Մխիթարեան (2002-ի ծնունդ) եւ կրտսեր տեղակալ Ռուդիկ Ղարիբեան (2002-ի ծնունդ): Արձանագրուած են նաեւ երկու վիրաւորներ, որոնց կեանքը վտանգի տակ չէ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առնչութեամբ հրապարակեց ազրպէյճանական արարքները դատապարտող յայտարարութիւն մը:



