Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բալայեան. «Ազրպէյճանի Սադրանքները Կը Պարտաւորեցնեն Գործնական Քայլերու Դիմել»

January 12, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանական կողմի ձեռագիրը մեզի համար նորութիւն չէ, Արցախի Հանրապետութեան եւ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար մարզին մէջ ապրած մեր հայրենակիցները քաջածանօթ են անոնց գործելաոճին: Այս մասին «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր, Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Վահրամ Բալայեանը` անդրադառնալով 10 յունուարին Արցախի տարբեր շրջաններու մէջ ազրպէյճանցիներու ձեռնարկած սադրանքներու մասին հարցումին:

«Անոնց նպատակն է այս գործելաոճով վախի մթնոլորտ ձեւաւորել, որպէսզի Արցախի մէջ ապրող մեր հայրենակիցները ստիպուած հեռանան իրենց հայրենի երկրէն: Ծրագրաւորուած այդպիսի դէպքեր կ՛արձանագրուին, մշտապէս փորձ կը կատարուի լարուած վիճակի մէջ պահել ազգաբնակչութիւնը: Երկրորդ կարեւոր հանգամանքը այն է, որ Ազրպէյճանը աշխարհաքաղաքական զարգացումներու խորապատկերին վրայ կը փորձէ հարուածել ռուս խաղաղապահները: Այսօր Ռուսիոյ ուշադրութիւնը ինչ որ չափով շեղած է այս շրջանէն: Այդ երկրի ղեկավարութիւնը աւելի շատ մտահոգուած է Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններով: Ազրպէյճանը նմանօրինակ քայլերով կը փորձէ աշխարհին ցոյց տալ, որ ռուս խաղաղապահները չեն կրնար շրջանին մէջ լիարժէք կատարել իրենց պարտականութիւնները: Այդպիսով իսկ ջուր կը լեցնեն արեւմտեան այն քարոզչամեքենաներու ջրաղացներուն, որոնք Ռուսիան կը մեղադրեն այս կամ այն հատուածին մէջ զինուորական ներկայութիւն ունենալու մէջ», նշած է պատգամաւորը:

Վահրամ Բալայեանի համաձայն, Ազրպէյճանի այդ ծրագիրները պիտի ձախողին, որովհետեւ Արցախը դարեր շարունակ ապացուցած է, որ ինք պատրաստ է եւ ի վիճակի է յաղթահարելու ամէն դժուարութիւն: Ան յոյս յայտնած է, որ այս անգամ ալ համաժողովրդական ջանքերով պիտի չէզոքացուին այդ սադրանքները, եւ ուշադրութիւնը առաւելապէս պիտի սեւեռի երկրին մէջ անվտանգային համակարգ ստեղծելու վրայ: «Ասիկա կը պարտաւորեցնէ իշխանութիւնները աւելի գործնական քայլերու դիմել, մանաւանդ սահմանամերձ բնակավայրերու մէջ անվտանգային համակարգը ամրապնդելու եւ մեր բանակը բարեփոխելու, տուեալ ժամանակաշրջանի ոգիին համապատասխան դարձնելու համար, որպէսզի ապահովուի ժողովուրդին անվտանգութիւնը», ըսաւ Վահրամ Բալայեան:

Ան նաեւ ռուս խաղաղապահներուն միջոցով դիրքային որոշակի փոփոխութիւններ կատարելու կարելիութիւն կը տեսնէ, որպէսզի բնակչութիւնը հեռու ըլլայ ազրպէյճանական զինուած ուժերու ուղիղ նշանառութենէն: Իսկ այս ասպարէզին մէջ նոյնպէս, ըստ Վահրամ Բալայեանի, իշխանութիւնները ընելիքներ ունին. պէտք է փորձել նաեւ վերոնշեալ գաղափարը բանակցութիւններու նիւթ դարձնել, մանաւանդ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու շրջանակներուն մէջ քննարկումներ կազմակերպել եւ համապատասխան լուծումներ գտնել:

 

 

Նախորդը

Միրզոյեան Եւ Տոնֆրիտ Քննարկեցին Հայ-Թրքական Երկխօսութեան Գործընթացը

Յաջորդը

Հայկական Կողմը Ունեցաւ 2 Զոհ. Ազրպէյճանական Կողմը Կրակ Բացաւ Հայկական Դիրքերուն Ուղղութեամբ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.