Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 12, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 6665 վարակուածներ եւ մահացած 13 ուրիշներ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց տեղի ունեցող իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Շիա մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց տնտեսական նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ Կեդրոնական դրամատան ծրագիրները: Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուիի հետ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ Արսալի մէջ ձերբակալեց երկու սուրիացիներ, որոնք ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամներ են:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ գործակցութեան վերաբերող հարցեր:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ երկրին առողջապահական մարզին իրավիճակը հակակշիռի տակ է` աւելցնելով, որ այս շաբթուան ընթացքին վարակուածներու թիւի կայունութիւն կ՛ակնկալուի: Ապիատ շեշտեց նաեւ, որ թթուածինի սարքերու կարիքը շատ աւելի քիչ է` բաղդատած անցեալ տարուան:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ կառավարութեան նիստերու արգելակումը կանխամտածուած ոճիր է, որուն պատասխանատու են բոլորը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ յայտնեց, որ երկրին կացութեան հանդէպ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ցուցաբերած վարուելակերպը կը փաստէ, որ ան «այլ աշխարհ»-ի մը մէջ կ՛ապրի:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ երկրին տագնապներուն լուծման միակ ելքը կը նկատուի երկխօսութիւնը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Իմատ Ուաքիմ յայտնեց, որ իրենք կը հպարտանան իրենց պատմութեամբ, եւ եթէ վտանգը կրկնուի` կրնան ինքնապաշտպանութեան դիմել: Ուաքիմ հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը Հըզպալլայի վրայ քաղաքական յարձակում յայտարարած է` յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու շրջագիծին մէջ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա ընդգծեց կառավարութեան նիստերուն վերսկսելու անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով, որ լիբանանցի ժողովուրդը պատնէշ չէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ առաջադրեց նախկին նախարար Ղասսան Հասպանիի թեկնածութիւնը: «Երեսփոխանական ընտրութիւններուն Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան արձանագրելիք յաղթանակով լիբանանեան դրամանիշին արժէքը անմիջապէս պիտի բարելաւուի», յայտնեց ան:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ հարց տուաւ, թէ արդեօք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը մաս կը կազմէ՞ ամերիկեան տոլարի սակի բարձրացման ծրագիրին:

 

 

Նախորդը

Մեր Կորուստները. Իր Մահկանացուն Կնքեց Հայրենի Մեծանուն Բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեան

Յաջորդը

Երկխօսութեան Հրաւէրին Շրջագիծին Մէջ. Նախագահ Աուն Ընդունեց Ռաատը, Արսլանն Ու Ֆրենժիէն

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.