Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԲԳԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ «ՏԱՐԲԵՐ ՕՐ»-Ը

February 21, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 10 փետրուար 2012-ին Ազգային Աբգարեան վարժարանին մէջ ուրախ մթնոլորտ մը կը տիրէր: Կիսամեակի քննութիւնները ամբողջացած էին եւ աշակերտները առաւօտ կանուխ ուրախ-զուարթ դպրոց ներկայացած էին` առանց պայուսակի, դպրոցական «տարբեր օր» մը անցընելու դպրոցէն ներս:

Յայտագիրը սկսաւ Վարդանանց տօնակատարութեամբ, որ առաջինէն վեցերորդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին խմբային արտասանութիւններ, Վարդանանցի, բարեկենդանի երգեր եւ թատրոն: Անոնք լաւապէս պատրաստուած էին եւ շատ գեղեցիկ ձեւով ներկայացուցին իրենց սորվածները:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն Շնորհք աբղ. Աշըգեան, որ հետաքրքրական ձեւով ներկայացուց Վարդանանց ճակատամարտը ու շեշտեց, որ այսօր ալ Վարդանանց ճակատամարտ գոյութիւն ունի, եւ մենք մեր գիտելիքով, մարդուժով հայօրէն պէտք  է ապրինք: Ան նաեւ բացատրեց Բարեկենդանի խորհուրդը  եւ թելադրեց, որ պահեցողութեան մտածողութիւնը կեանքի պէտք է կոչենք,, թերեւս մեր կարգ մը սիրածներէն հրաժարելով եւ ուրիշներուն օգտակար ըլլալով:

Ազգային Աբգարեան վարժարանի տնօրէնուհի Գեղանի Էթիեմեզեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայր սուրբին, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն եւ ըսաւ, որ Վարդանանց խորհուրդը ներշնչման աղբիւր եղած է դարեր շարունակ եւ մղիչ ուժ դարձած` արուեստագէտներու, ազատամարտիկներու: Հին պատմութիւն մը չէ Վարդանանցը, այլ պատգամ` նոյն հաւատարմութիւնը պահպանելու:

Վարդանանց տօնակատարութիւնը փակուեցաւ պահպանիչով:

Ատկէ ետք աշակերտները անցան դասարանները եւ իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ պատրաստեցին անուշեղէններ, ապա ծպտուեցան` պատրաստուելու համար ցուցադրութիւն – մրցումին: Պէտք է ըսել, որ աշակերտները շատ գեղեցիկ ծպտուած էին եւ դժուար եղաւ ընտրել անոնցմէ միայն երեքը: Շատ  հետաքրքրական էին Մեսրոպ Մաշտոցը, գիրքը, արուեստագէտը…

Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ աշակերտները ճաշակեցին իրենց իսկ պատրաստած անուշները եւ աւանդական հատիկը:

Յայտագրի վերջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Ուրախ տարեդարձ» խումբը` աւելի եւս խանդավառելով աշակերտները, որոնք հաճելի պահեր անցուցին Թալինին հետ:

Ըստ սովորութեան, դպրոցի շրջափակէն ներս վառուեցաւ աւանդական խարոյկը` տօնելու Տեառնընդառաջ եւ մեծ խանդավառութեամբ պարելու անոր շուրջ:

«Տարբեր օր»ը վստահ իր թելադրականութեամբ հետաքրքրեց բոլոր աշակերտները:

Նախորդը

ԼՕԽ-Ի «ԱՇԽԷՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ. ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Յաջորդը

Գ. ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԿԸ ՄՆԱՆ ՔԱՋՆ ՎԱՐԴԱՆԻ ԿԱՆՉԻՆ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.