Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասիրի. «Սէուտական Արաբիա Դժգոհ Է Լիբանանին Իշխող Դասակարգէն»

January 4, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ նախկին դեսպան Աուատ Ասիրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանը ամբողջ վտանգի ներքեւ կը գտնուի:

«Եթէ երեսփոխանական ընտրութիւնները չկատարուին, եւ Լիբանանը իր ներկայ իրավիճակէն փրկողը չգտնուի, ապա Լիբանանը իբրեւ ամբողջութիւն վտանգի ենթակայ է եւ ոչ միայն սիւննի համայնքը», ըսաւ ան:

Ասիրի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիան, չի փափաքիր Լիբանանի ներքին հարցերուն միջամուխ դառնալ, սակայն կը մաղթէ, որ քուէատուփերուն մէջ ազգային մղում մը ըլլայ: «Իսկ երբ Լիբանանի մէջ նոր տեսարան մը պարզուի, ապա մօտեցումները կրնան փոխուիլ: Չենք փափաքիր տեսնել, որ Հըզպալլա շարունակէ իշխել Լիբանանին, ինչպէս նաեւ չենք փափաքիր տեսնել, որ Լիբանան քաղաքացիական պատերազմ մղէ: Հըզպալլան պէտք է հեռու պահել երկրին քաղաքական կեանքէն», շեշտեց Ասիրի` աւելցնելով, որ Լիբանան արտակարգ իրավիճակի մէջ կը գտնուի, իսկ լիբանանցիները պէտք է յեղաշրջում մը կատարեն` ուղղուելով դէպի քուէատուփեր:

Ասիրի յայտնեց, որ Լիբանան նոր դէմքերու կարիք ունի` աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիա դժգոհ է Լիբանանին իշխող դասակարգէն, ինչպէս նաեւ դժգոհ է Լիբանանէն դէպի Սէուտական Արաբիա թմրեցուցիչի մաքսանենգումէն:

 

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Սէուտական Արաբիա Զօրակցեցաւ Ահաբեկչութեան. Ան Միացեալ Նահանգներու Գործընկերն Է` Շրջանին Դէմ Մղուած Համաշխարհային Պատերազմին Առումով»

Յաջորդը

Լիբանան 2022 Մուտք Գործեց Քաղաքական Լարուածութեան Եւ Տնտեսական Սուր Տագնապի Մթնոլորտին Մէջ

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.