Անգլիոյ «Քարապաօ» բաժակի (նախապէս` «Լիկ Քափ») քառորդ աւարտականի մրցումներուն, Լիվըրփուլ «Էնֆիլտ Ռոտ» մարզադաշտին մէջ ընդունեց Լեսթըր Սիթին: «Կարմիրներ»-ը դաշտ ներկայացան համեմատաբար երիտասարդ մարզիկներով: Հակառակ այն իրողութեան, որ Լեսթըր Սիթի կը վայելէր 2-0, 3-1 առաւելութիւն մը, Լիվըրփուլ յաջողեցաւ 3-3 հաւասարութեամբ աւարտել ճակատումը եւ փենալթիի հարուածներով 5-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց «Աղուէսներ»-ը:
Լոնտոնի մէջ, Չելսի 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պրենթֆորտը, իսկ Թոթենհամ 2-1 արդիւնքով` Ուեսթա Համ Եունայթըտը:
Լիվըրփուլ վերջին անգամ 2012-ին շահած է «Քարապաօ» բաժակը:
Կիսաւարտական մրցումներուն Արսենալ պիտի ճակատի Լիվըրփուլի դէմ, իսկ Չելսի` Թոթենհամին: Կիսաւարտականի մրցումները պիտի կայանան երթուդարձի դրութեամբ, 3 յունուար 2022-էն սկսեալ: Աւարտական մրցումը պիտի կայանայ 27 փետրուարին, Ուեմպլի մարզադաշտին մէջ:
Չելսիի հանդիպումը Թոթենհամի դէմ պիտի ըլլայ 2015-ի աւարտականին կրկնութիւնը, ուր Չելսի 2-0 պարտութեան մատնելով իր մրցակիցը, շահեցաւ բաժակը:



