Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է հայ պատերազմական գերիներու ազատ արձակումն ու Հայաստան վերադարձը:
«Կ՛ողջունենք Ազրպէյճանի կողմէ 10 հայ արգելափակեալներու ազատ արձակումը, որ տեղի ունեցած է 17 դեկտեմբերին` Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս:
Ան ներկայացուցած է Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի գրառումը, որով վերջինս յայտնած էր, որ 10 զինուորական կը վերադարձնէ Հայաստան: Քլաար իր գրառումին կից օդանաւի էջքէն լուսանկարներ հրապարակած էր:



