Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Ներկայացուցիչները Մօտ Օրէն Պիտի Հանդիպին» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

December 21, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչները մօտ օրէն կրնան հանդիպիլ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու` իր մալեզիացի պաշտօնակից Սեյֆուտտին Ապտալլայի հետ հանդիպումէն ետք:

«Յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին սկսելու համար մենք յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակած ենք: Մօտ օրէն անոնք բանակցութիւններ պիտի վարեն», նշած է Չաւուշօղլու:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը չէ յստակացուցած յառաջիկայ հանդիպումին մանրամասնութիւնները:

Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Վահան Յունանեան յայտնեց, որ այդ հանդիպման ժամկէտի յստակացումէն ետք հանրութիւնը պատշաճ կերպով տեղեակ պիտի դառնայ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը 13 դեկտեմբերին յայտարարած էր, որ Անգարան ու Երեւանը յարաբերութիւններու կարգաւորման համար յատուկ ներկայացուցիչներ պիտի նշանակեն: Յաջորդ օր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը հաստատած էր այդ տեղեկութիւնը:

Թրքական կողմի ներկայացուցիչ նշանակուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Սերտար Քըլըճը, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեանը` Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ ողջունեց յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակելու վերաբերող յայտարարութիւնները: Ֆրանսա հաստատեց, որ ամբողջական կերպով կ՛աջակցի այս գործընթացին:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն. «Կ՛ողջունենք Եւրոպական Միութեան Ջանքերուն Շնորհիւ Հայ Արգելափակեալներու Ազատ Արձակումը»

Յաջորդը

Հայ, Յոյն Եւ Կիպրացի Արձակազէնները Աւարտեցին Ռազմափորձերը

RelatedPosts

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին  Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»

January 31, 2026
Հայաստանը Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան  Հիմնադրամէն Պիտի Ստանայ 10 Միլիոն  Եւրոն. Հունգարիան Վերցուցած Է Արգելքը
Հայկական

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Աջակցութեան Նոր Միջոց Կը Տրամադրէ

January 31, 2026
Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն  Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.