ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1941 վարակուածներ եւ մահացած 13 ուրիշներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 28.000 լ. ոսկիի սահմանը:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց երեսփոխան Ալի Տարուիշը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին հաստատուեցաւ, որ հեղինակութիւններուն հետ խորհրդակցութիւնը հիմնական է եւ անիկա կը միացնէ եւ ոչ թէ կը բաժնէ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» համաճարակի կացութիւնը շատ զգայուն է` աւելցնելով, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հետզհետէ կը բարձրանայ: Միւս կողմէ, ան բարձր գնահատեց պատուաստումի մարաթոնին մասնակցողներուն արձանագրած բարձր համեմատութիւնը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու օգնական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ կոչ ուղղեց վերջ տալու Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ Կեդրոնական դրամատան վերաբերող կուրացումի քաղաքականութեան:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ պէտք է որդեգրուին կտրական քայլեր` վերջ տալու համար փլուզումին:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ Լիբանան շրջանցած է փլուզման փուլը եւ հասած անօթութեան ու քաոսի փուլին:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի եւ Հըզպալլայի միջեւ միացեալ հանդիպումի մը ընթացքին Թաուհիտի նախագահ Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Իրանի եւ Սուրիոյ շրջափակումը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վրայ բանեցուած ճնշումները կը ծառայեն քաոսային վիճակի տարածումին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց պելճիքական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Միշել Հոֆմանն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՀԱՄԱՍԻ ղեկավար Խալետ Մըշաալ երէկ հասաւ Պէյրութ` ընկերակցութեամբ Համասի մէկ պատուիրակութեան:


