Միացեալ Նահանգներ չեն բացառեր Վրաստանի եւ Հայաստանի մէջ նոր կառոյցներու կառուցման համար միջոցներ յատկացնելու կարելիութիւնը` իրենց «պաշտպանական գործունէութեան» աջակցելու համար: «Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Միացեալ Նահանգներու բանակի սակրաւորներու զօրամասին հրապարակած նախնական փաստաթուղթերուն մէջ:
Բնագիրին մէջ բերուած տուեալներէն կ՛երեւի, որ Միացեալ Նահանգներ մտադիր են երկու առանձին համաձայնագիրներ կնքել ընկերութիւններու հետ, որոնք պատրաստ պիտի ըլլան մասնակցելու Վրաստանի եւ Հայաստանի մէջ նոր կառոյցներու նախագծման եւ կառուցման, ինչպէս նաեւ հին կառոյցներու սպասարկման եւ վերանորոգման աշխատանքներուն` «յաջակցութիւն Միացեալ Նահանգներու պաշտպանական գործունէութեան»:
Կը նշուի, որ առաջարկուող համաձայնագիրներէն իւրաքանչիւրը «նախ եւ առաջ պիտի վերաբերի շէնքերու կառուցման, նախագծման, վերակառուցման, ճամբաներու ու մայթերու վերանորոգման» եւ այլն:
Նախնական տուեալներով` համապատասխան համաձայնագիրներով աշխատանքի ընդհանուր արժէքը կրնայ կազմել 45 միլիոն տոլար:



