Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա Կոչ Կ՛ուղղէ Զերծ Մնալու Արցախի Տագնապի Սրման Նպաստող Յայտարարութիւններէն Եւ Գործողութիւններէն

December 10, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ կոչ ուղղեց զերծ մնալու այնպիսի յայտարարութիւններէ, որոնք կրնան յանգեցնել տագնապի սրման:

«Մենք յաճախ ստիպուած ենք մեկնաբանել կողմերու կատարած յայտարարութիւնները: Մեր սկզբունքային դիրքորոշումը այն է, որ մենք կը մեկնինք անհրաժեշտութենէն` զերծ մնալու այնպիսի յայտարարութիւններէ եւ գործողութիւններէ, որոնք կրնան նպաստել բարձրագոյն մակարդակով ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրագործման դանդաղեցման, ինչպէս նաեւ այնպիսի յայտարարութիւններէ եւ գործողութիւններէ, որոնք կրնան յանգեցնել տագնապի սրման եւ կացութեան խորացման: Այդ բոլորէն պէտք է զերծ մնալ», ըսաւ Զախարովա:

Ան այս մասին ըսաւ պատասխանելով «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման ժամկէտներու վերաբերեալ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութեան մասին հարցումին:

Զախարովա աւելցուց. «Ռուսիան` իբրեւ միջնորդ երկիր, համալիր գործողութիւններ կը կատարէ, որպէսզի թէ՛ համաձայնութիւնները իրականացուին, թէ՛ տարածաշրջանին մէջ կացութիւնը չխորանայ, թէեւ ատիկա կարելի չէ երաշխաւորել, որովհետեւ խօսքը վաղեմի տագնապի մասին է»:

«Սոչիի մէջ բարձրագոյն մակարդակով ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կը հաստատեն Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարութիւններու պատրաստակամութիւնը կարգաւորման ուղղուած հետագայ քայլերուն առնչութեամբ: Թէ՛ Պաքուի, թէ՛ ալ Երեւանի հետ հաղորդակցութիւններու ընթացքին կ՛աշխատինք անոնց հետեւողական իրագործման, սահմանային վէճերու լուծման, Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման ուղղութեամբ: Ինչպէս փոխադարձ համաձայնութիւն գոյացած է Սոչիի մէջ 26 նոյեմբերին, կարեւոր է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ անոր յաջորդող սահմանագծման աշխատանքներու իրականացման համար երկկողմանի յանձնախումբի ստեղծումը` Ռուսիոյ խորհրդատուական աջակցութեամբ: Կ՛ակնկալենք նաեւ յանձնախումբի ծիրին մէջ երկու երկիրներու ազգային պատուիրակութիւններու շուտափոյթ կազմաւորումը: Շրջանին մէջ բոլոր փոխադրամիջոցային ուղիներու ապաշրջափակման հարցով եռակողմ խումբի ջանքերը կը շարունակուին», ըսաւ Զախարովան` աւելցնելով, որ Սոչիի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման հարցը մէկ օր առաջ քննարկուած է նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի յայտարարութիւններուն շուրջ ստեղծուած կացութեան եւ ռուսական նախարարութեան մեկնաբանութեան:

«Ես ատիկա իբրեւ միջադէպ չէի նկատեր: Մեզի համար պարզապէս կարեւոր էր յստակութիւն մտցնել ըստ հարցի էութեան: Նիւթը, ի դէպ, քննարկուած է նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ անոր հայ գործընկերոջ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ժամանակ, որ կայացած է 8 դեկտեմբերին: Մենք այդ նիւթը փակուած կը նկատենք», ըսաւ ան:

Յայտնենք, որ օրեր առաջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած էր Ալեն Սիմոնեանի «Լաւրովի ծրագիր»-ի մասին յայտարարութեան, երբ ան, անդրադառնալով այսպէս կոչուած «Լաւրովի ծրագիր»-ին, «Ղարաբաղի յանձնումը» կապած էր Ռուսիոյ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ հերքեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը տուն կանչելու մասին լուրերը:

«Յոյսով եմ, որ թերթը, անոնց ժամանակ տանք մինչեւ վաղը չէ միւս օր… վաղը չէ միւս օր անոնք պէտք է հրապարակեն հերքումը, որովհետեւ կեղծ լուր հրապարակած են: Ատիկա ճիշդ չէ, ատիկա ապատեղեկատուութիւն է: Տեղեկութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան, մեր դեսպանը կը շարունակէ աշխատիլ եւ կատարել երկրի ղեկավարութեամբ սահմանուած առաջադրանքները», ըսաւ Զախարովա:

 

 

Նախորդը

Անգարա. «3+3» Ձեւաչափի Առաջին Նիստը Պիտի Գումարուի Այսօր` Մոսկուայի Մէջ»

Յաջորդը

ՀՅԴ Մարմիններու Ներկայացուցիչները Այցելեցին ՀՅԴ Պանթէոն

RelatedPosts

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար  Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան  Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին

October 8, 2026
Ալիեւ. «Ջրային Հարստութիւններու  Պակասը Մեզի Համար Լուրջ Խնդիր Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ալիեւ. «Հայաստանը Պէտք Է Անհետ Կորսուած Ազրպէյճանցիներու Ճակատագիրի, Զանգուածային Ու Անհատական Թաղման Վայրերու Վերաբերեալ Ամբողջական Տեղեկութիւն Տրամադրէ»

October 8, 2026
Քոս. «Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութեան Առաջնային  Ուղղութիւնները Որոշելու Որոշակի  Նախագիծերու Ցանկ Կը Ձեւաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոս. «Հայաստանը Իրապէս Կը Շարժի Եւրոպական Միութեան Ուղղութեամբ»

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.