Հարաւային Կովկասի մէջ կացութեան կարգաւորման հարցերով «3+3» շրջանային հարթակի առաջին նիստը պիտի գումարուի 10 դեկտեմբերին` Մոսկուայի մէջ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը հաղորդէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Հանդիպումին, որ կը կատարուի Ազրպէյճանի, Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարներու մակարդակով, մեր երկիրը պիտի ներկայացնէ արտաքին գործոց փոխնախարար Սետաթ Էօնալի գլխաւորած պատուիրակութիւնը», կը նշուի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ մէկ օր առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ Հայաստան պիտի մասնակցի «3+3» ձեւաչափով նախնական հանդիպումին:
«3+3» ձեւաչափը (Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան, առաւել Հայաստան, Վրաստան եւ Ազրպէյճան) առաջարկուած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ:
Վրաստան Պիտի Չմասնակցի
«3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումին
Վրաստան ներկայացուած պիտի չըլլայ «3+3» ձեւաչափի հանդիպումին, որ այսօր պիտի գումարուի Մոսկուայի մէջ: Այս մասին «էխոքաւքազա» կայքին յայտնած են Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն:
«Արտաքին գործոց նախարարութիւնը մէկ անգամ չէ, որ յստակ դիրքորոշում ճշդած է շրջանային համագործակցութեան «3+3» նախաձեռնութեան վերաբերեալ, ներառեալ` արտաքին գործոց նախարարը այս մասին խօսած է խորհրդարանական վերջին լսումներուն ժամանակ: Մենք չենք քններ այս ձեւաչափին մասնակցութիւնը, համապատասխանաբար, Վրաստանը ներկայացուած պիտի չըլլայ այս տարուան 10 դեկտեմբերին նախատեսուած հանդիպումին», ըսած են Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն:



