Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ Պարսելոնայի մէջ տեղի ունեցող Միութիւն ի խնդիր Միջերկրականի շրջանային Զ. ֆորումին ընթացքին արտասանեց Լիբանանի խօսքը:
Ան շեշտեց Միջերկրականի հիւսիսային եւ հարաւային շրջաններու երկիրներուն միջեւ համարկումը ամրապնդելու կարեւորութիւնը: Պու Հապիպ հաստատեց, որ այդ համարկումը պէտք է ներառէ բոլոր մարզերը:
Պու Հապիպ մաղթեց, որ ֆորումին մասնակից երկիրները շարունակեն օժանդակել Լիբանանին` անոր դիմագրաւած դժուար պայմաններուն ընթացքին:
Միւս կողմէ, Պու Հապիպ հանդիպում մը ունեցաւ Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուէլ Ալվարեսի հետ:
Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Սպանիոյ կողմէ Լիբանանին տրամադրուած օժանդակութիւնները, յատկապէս կրթական մարզին մէջ:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ ծառայող ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմող խաղաղապահներու սպանական ջոկատին, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ տարուան սկիզբը Ալվարեսի Լիբանան կատարելիք այցելութեան:



