ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1618 վարակուածներ եւ մահացած 9 ուրիշներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 24.800 լ. ոսկիի սահմանը:
ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ապու Տապիի գահաժառանգ իշխան շէյխ Մոհամետ պըն Զայէտ Ալ Նահիանի հետ: Քննարկուեցան պատրիարքութեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները: Շէյխ Մոհամետ պըն Զայէտ հաստատեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները միշտ կը զօրակցին Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի պատրիարքութեան:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին: Տար Ֆաթուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Մախզումի հարց տուաւ, թէ արդեօք վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կը յանդգնի՞ կառավարութիւնը հրաւիրել ժողովի մը եւ արդեօք նախարարաց խորհուրդը կարողութիւն ունի՞ իսկապէս աշխատելու` երկրին տագնապները լուծելու ուղղութեամբ:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 3600 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 4000 լ. ոսկիով, տիզըլ օյլը` 5300 լ. ոսկիով, իսկ` պիւթակազին շիշը` 3200 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 316.600 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 327.000 լ. ոսկի, մազութին սակը` 329.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազին շիշը` 284.100 լ. ոսկի:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Եուսեֆ Խալիլ յայտնեց, որ 31 դեկտեմբեր 2021-ը վերջին պայմանաժամն է պետական տուրքերը վճարելու` աւելցնելով, որ 1 յունուար 2022-էն սկսեալ ամսական դրութեամբ 1,5 առ հարիւրի յաւելում պիտի արձանագրուի քաղաքացիներուն կողմէ վճարուելիք տուրքերուն վրայ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն սահմանադրական եւ օրինական կեցուածք որդեգրած է, երբ ան մերժած է դատաւոր Թարեք Պիթարը Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան պատասխանատուութենէն զերծ կացուցել:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ հաստատեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր հրաժարականը պիտի չներկայացնէ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Թոնի Ֆրենժիէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Հայտար Շայաա Պարրաքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին արծարծուեցան լիբանանեան-իրաքեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան առաքուող իրաքեան նաւթին վերաբերող հարցեր:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հանդարտ կերպով կը շարունակէ հետապնդել կառավարութեան գործունէութիւնը աշխուժացնելու կարելիութիւնները:
«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, կան մտավախութիւններ, որ կառավարութեան աշխատանքը արգելակուած մնայ մինչեւ երեսփոխանական ընտրութիւններու թուականը:


