Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան-Թուրքիա Վեհաժողովին Առիթով. Էրտողան. «Սպիտակ Տունը Կը Զինէ Շրջանի Ահաբեկչական Խմբաւորումները»

November 29, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Գործակցաբար կարելի է պաշտպանել շրջանի ապահովութիւնն ու կայունութիւնը», յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ իր հանդիպման ընթացքին: Իրանեան պետական կայքին հաղորդումով` Էրտողան նշած է Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ ճիգերը` շրջանի միւս երկիրներուն հետ համագործակցաբար կայունութիւնը եւ անվտանգութիւնը ամրապնդելու առումով:

Իր կարգին, Իրանի նախագահը նշեց Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ լայնածիր գործակցութեան կարելիութիւնը զանազան ոլորտներու մէջ, ինչպէս` դրամատնային, ուժանիւթի եւ առեւտուրի մարզերը: «Մենք պէտք է նպաստենք տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման, եւ այդ պատճառով արտօնեալ սակագիները կարելի է վերատեսութեան ենթարկել», յայտնած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի` Թուրքիոյ նախագահին հետ կայացած վեհաժողովին ընթացքին:

«Արմէնփրես» լրատուական գործակալութիւնը իրանեան «Թասնիմ» լրատու աղբիւրին վերագրելով իր տեղեկութիւնները կը նշէ նաեւ, թէ այս վեհաժողովին քննարկուած են նաեւ շրջանին մէջ «գործող» ահաբեկչական կազմակերպութիւններու առնչուող հարցերը:  Իրանի նախագահը մտահոգութիւն յայտնեց Աֆղանիստանի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներու ներկայութենէն ետք այդ երկրի ապահովութեան վատթարացման կապակցութեամբ: «Ահաբեկչական խմբաւորումները ո՛չ միայն սպառնալիք կը ստեղծեն, այլեւ` կը  սպառնան շրջանային անվտանգութեան: Այդ պատճառով մենք պետք չէ արտօնենք, ահաբեկչական խմբաւորումներուն, ինչպէս` ՏԱՀԵՇ եւ ՔԱԿ, որ սպառնան շրջանի երկիրներու  ապահովութեան», ըսաւ Իրանի նախագահը:

Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահը եւս մտահոգութիւն յայտնեց այս գծով` մեղադրելով Միացեալ Նահանգները:  «Սպիտակ տունը կը զինէ եւ կը սորվեցնէ շրջանի բոլոր ահաբեկչական խմբաւորումները, ինչպէս` ՏԱՀԵՇ-ը եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը` անոնց մատակարարելով ահաբեկչական սարքեր եւ գործիքներ, վտանգաւոր իրադրութեան ստեղծման համար»:

 

 

 

Նախորդը

Աշխապատի Համաժողովին Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Սոչիի Հանդիպման Արդիւնքները

Յաջորդը

Զախարովա. «Քազզաֆիի` Ընտրական Թեկնածուներու Ցանկէն Հեռացումը Մտահոգիչ Է»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.