Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Եթովպիոյ Մէջ Անյապաղ Զինադադարի Կոչ Ուղղած Է

November 26, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես Եթովպիոյ մէջ տագնապի կողմերուն կոչ ուղղած է երկրին մէջ առանց նախապայմաններու անյապաղ զինադադարի դրութիւն հաստատելու: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան:

«Քոլոմպիոյ մէջ հաշտութեան հոլովոյթը զիս կը հարկադրէ շտապ կոչ ուղղելու Եթովպիոյ տագնապի կողմերուն` անյապաղ եւ առանց նախնական պայմաններու զինադադարի (դրութեան հաստատման) համար` երկիրը պահպանելու եւ երկրի քաղաքացիներուն միջեւ երկխօսութիւն սկսելու նպատակով», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Կութիերես:

Եթովպիոյ Թիկրայի նահանգի ապստամբները 27 հոկտեմբերին մեծ յարձակումի սկսած են հանրապետութեան հիւսիսային շրջաններուն վրայ: Յարձակումին ընթացքին անոնք Ամհարա նահանգին մէջ գրաւած են շարք մը քաղաքներ: Անոնք կը շարժին մայրաքաղաք Ատիս Ապեպայի ուղղութեամբ:

Թիկրայի ազատագրման ժողովրդական շարժումի ճակատի (ԹԱԺՃ) հրամանատարութիւնը յայտարարած է, որ առայժմ օրակարգի վրայ մայրաքաղաքը գրաւելու խնդիր չկայ, սակայն կացութիւնը կրնայ փոխուիլ: Ապստամբական «Օրոմոյի ազատագրման բանակ»-ի ղեկավարութիւնը իր կարգին յայտարարած է, որ իր ջոկատները մտադիր են մօտենալ եւ շրջապատել Ատիս Ապեպան:

Շարք մը շրջաններու եւ քաղաքներու, ներառեալ մայրաքաղաքի իշխանութիւնները 2 նոյեմբերին բնակիչներուն կոչ ուղղած են` իրենց ձեռքը առնելու իրենց մօտ գտնուող զէնքը եւ անհրաժեշտութեան պարագային պաշտպանուելու Թիկրայի ապստամբներէն:

Վերջիններուս կողմէ ստեղծուած «Եթովպիական դաշնակցային եւ համադաշնակցային ուժերու միացեալ ճակատ»-ին մաս կը կազմեն ԹԱԺՃ-ն, «Օրոմոյի ազատագրման բանակ»-ը, ապստամբներու կազմակերպութիւններ Եթովպիոյ Ամհարայի, Աֆարի, Պենիշանկուլ/Գամբելայի ժողովուրդներու նահանգի, Սիտամայի, Սոմալիի նահանգներէն եւ Ակաւի շրջանէն:

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ Իրանը Պատասխանատու Կը Նկատեն Թանաֆ Ռազմակայանին Վրայ Կատարուած Յարձակումին Համար» Կը Գրէ «Նիւ Եորք Թայմզ»

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ Դէմ Հիւլէական Հարուածներ Մշակած Են» Կ՛ըսէ Շոյկու

RelatedPosts

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն  Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»

September 17, 2026
Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի  Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է  Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»
Միջազգային

Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»

September 17, 2026
Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.