Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Իրանը Պատասխանատու Կը Նկատեն Թանաֆ Ռազմակայանին Վրայ Կատարուած Յարձակումին Համար» Կը Գրէ «Նիւ Եորք Թայմզ»

November 26, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս տարուան հոկտեմբերին անօդաչու թռչող սարքերու օգտագործումով Սուրիոյ հարաւը գտնուող ամերիկեան ռազմակայանին դէմ հարուածը Իրանի պատասխանն էր Սուրիոյ հասցուած իսրայէլեան օդային հարուածին: «Արմէնփրես», յղում կատարելով «Ինթըրֆաքս»-ին, կը տեղեկացնէ, որ այս մասին հաղորդած է «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի պաշտօնատար անձերէ բաղկացած բազմաթիւ աղբիւրներ:

Օրաթերթը կը գրէ, որ 20 հոկտեմբերին հինգ անօդաչու թռչող սարքեր արձակուած են Սուրիոյ հարաւը գտնուող Թանաֆ ամերիկեան ռազմակայանին ուղղութեամբ: Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը ատիկա կը նկատէ «կանխամտածուած եւ համակարգուած» գրոհ:

Հարուածին պատճառով ոչ ոք վնասուած է, որովհետեւ ռազմակայանի անձնակազմի մօտաւորապէս 200 մարդ քանի մը ժամ առաջ հեռացուած էր պատրաստուող հարուածին մասին իսրայէլեան հետախուզութենէն ստացուած հաղորդագրութենէն ետք: Օրաթերթը կը նշէ, որ, աղբիւրներու գնահատումներով, հարուածը հասցուած է Իրանի ղեկավարութեամբ` Սուրիոյ մէջ իրանամէտ ուժերու կողմէ, սակայն Փենթակոնի ներկայացուցիչը «մերժած է հրապարկաւ մեղադրել Իրանը` մասամբ խուսափելու համար Թեհրանի հետ հիւլէական գործարքի վերականգնման շուրջ բանակցութիւններու ձախողութենէն: Վերջիններս պէտք է վերսկսին 29 նոյեմբերին»: Իրան չէ ստանձնած հարուածին պատասխանատուութիւնը:

«Եղած են շարք մը նման միջադէպեր, երբ անոնք Իրանը մեղադրած են առանց որեւէ ապացոյցի կամ փաստաթուղթի», յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ: Ամերիկեան օրաթերթը կ՛ընդգծէ. «Իսրայէլի հետ Իրանի ստուերային պատերազմի մագլցումը նոր վտանգներ կը ստեղծէ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան զօրքերու համար»:

Նախորդը

Ինթերփոլի Նոր Ղեկավարը Ընտրուած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Եթովպիոյ Մէջ Անյապաղ Զինադադարի Կոչ Ուղղած Է

RelatedPosts

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն  Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»

September 17, 2026
Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի  Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է  Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»
Միջազգային

Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»

September 17, 2026
Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.