Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Մոսկուա, Պրիւքսել, Միջանկեալ` Սոչի. Միջնորդական Մրցապայքարի Ուղեւորութիւնը

November 24, 2021
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոյեմբեր 9-ի նախօրեակին ծրագրուած ձեւով շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ լրատուութիւն` Մոսկուա-Երեւան-Պաքու եռակողմ հանդիպման մասին: Ապա պաշտօնապէս խօսուեցաւ հանդիպման հեռակայ առցանց ձեւաչափին մասին: Փաստօրէն ո՛չ ֆիզիքական ներկայութեամբ, ո՛չ ալ առցանց հեռակայ հանդիպումը կայացաւ: Տեղի ունեցան Սիւնիքի դէպքերը, աւելի ճիշդ` ազրպէյճանական յարձակումը Սիւնիքի վրայ: Իրադրութիւնները կը յուշէին ռազմաքաղաքական բեմագրութեան մը մասին:

Այնուհետեւ յայտարարուեցաւ Պրիւքսելի մէջ 15 դեկտեմբերին Երեւան-Պաքու երկկողմանի հանդիպման մասին` եւրոպական կողմին նախաձեռնութեամբ: Հանդիպումը նախատեսուած է Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան պարունակին մէջ: Հանդիպման մասին պաշտօնապէս յայտարարած էր Եւրոպական խորհուրդի նախագահը, որ երկու կողմէն ստացած է դրական ազդակներ հանդիպումը կայացնելու:

Մինչեւ հոս մեկնաբանութիւնը անմիջապէս կ՛երթայ այն ուղղութեամբ, որ փորձ կը կատարուի ռուսական միջնորդութիւնը փոխարինել եւրոպականով:

Մոսկուայի արձագանգը չուշացաւ. մինչեւ Պրիւքսել  մեկնիլը Հայաստանի վարչապետն ու Ազրպէյճանի նախագահը Սոչի կը հրաւիրուին` հանդիպելու համար Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահին հետ: Չի բացառուիր, որ Սոչիի մէջ  Երեւան-Պաքու հանդիպումը նախորդէ Պրիւքսելի հանդիպման:

Մոսկուա-Սոչի-Պրիւքսել այս ուղեւորութիւններուն ճշդման ընթացքին սակայն Սիւնիքի բախումներու լոյսին տակ Մոսկուան կը յայտարարէր, որ լարուածութիւնը երկու կողմերուն միջեւ կը շարունակուի, եւ առ այդ` կը պահանջուի ռուսական դիւանագիտութեան եւ ռազմական ներկայութեան յաւելեալ ներգրաւումը:

Կարեւոր է նաեւ յիշել, որ Ուաշինկթընը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ մեծ ջանք ի գործ դրած է յաջողցնելու համար Պրիւքսելի մէջ հանդիպելու համաձայնութիւնը:

ԵԱՀԿ-ի համանախագահական ձեւաչափի վերագործարկման մասին կը յուշեն այս իրադրութիւնները: Սիւնիքի դէպքերը հաւանաբար օգնեցին, որ Մոսկուան իր յաւելեալ ներգրաւուածութեան մասին բարձրաձայնէ եւ ճամբայ հարթէ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին զօրքեր տեղակայելու ծրագիրին: Այս շրջագիծին մէջ սակայն Մոսկուայի եռակողմ հանդիպման տապալումը դուռ բացաւ, որ անմիջապէս գործի լծուին Ուաշինկթընն ու Պրիւքսելը, գուցէ համակարգուած ձեւով: Միջնորդելու մրցապայքարը կը թեւակոխէր նոր փուլ:

Հազիւ թէ նկատենք այս բոլորին մէջ Անգարայի բացակայութիւնը, յանկարծ կը կարդանք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ բանբերին յայտարարութիւնը, որ Երեւանը դիմած է Մոսկուային միջնորդելու հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման նպատակով: Ըստ անոր, Հայաստանի շատ մը գործընկերներ, անոնց շարքին` Ռուսիան պատրաստակամութիւն յայտնած են միջնորդելու հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ, եւ հայկական կողմը դիմած է Մոսկուային:

Շատ պարզ է ըսուածը: Յայտնաբար դիմող գործընկերներուն անպայման ներառուած են Ուաշինկթընն ու Պրիւքսելը: Երեւանը հասկնալիօրէն իր նախապատուութիւնը տուած է Մոսկուային` միջնորդելու կարգաւորման հարցով: Աւելորդ չէ յիշելը, որ ցիւրիխեան արձանագրութիւններու նախօրէին միջնորդը պաշտօնապէս Զուիցերիան էր, սակայն գործընթացին աշխուժօրէն ներգրաւուած էին Մոսկուայի կողքին Ուաշինկթընը, Փարիզն ու Պրիւքսելը:

Եւ եթէ արցախեան հակամարտութեան եւ հիմա այլեւս Հայաստան- Ազրպէյճան սահմանային խնդիրներուն միջնորդութիւն կը կատարեն Պրիւքսելն ու Ուաշինկթընը, կ՛ենթադրուի, որ ցիւրիխեան հովանաւորներու խումբը կը վերադառնայ նաեւ Երեւան- Անգարա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթաց սկսելու:

Միջնորդական մրցապայքարի տեսքով ըստ էութեան տարածաշրջանին մէջ ներկայութիւն հաստատելու աշխարհաքաղաքական ուժերու պարանաձգութիւնն է, որ կ՛իրականանայ:

Թուրքեւազրպէյճանական աճապարանքը սահմանազատման, սահմանագծման եւ տարածքներու փոխճանաչումի, անպայման առաջադրուած ժամանակներուն մէջ  չ՛իրականանար: Իսկ Մոսկուայի համար պարզ է, որ միջնորդելու եզակիութիւնը պիտի բախի սուր մրցապայքարի: Մոսկուա, Պրիւքսել (ուաշինկթընեան յայտարարութիւններով), միջանկեալ Սոչի` միջնորդական մրցապայքարի բնորոշ փուլեր են:

«Ա.»

Նախորդը

Յակոբ Բագրատունի. «Իւրաքանչիւր Զիջում Կը Պահանջէ Նոր Զիջում. Անկուշտ Է Թշնամին»

Յաջորդը

Սպանիոյ Վարչապետը Առաջարկած Է Թրքական Ծովուժին Համար Օդանաւակիր Կառուցել. Էրտողան Նախնական Համաձայնութիւն Տուած Է

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.