Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը:
«Մեր նախարարը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, կողմերը քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ շարք մը շրջանային հարցեր», ըսած է ռուսական լրատու գործակալութեան զրուցակիցը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Լաւրով Չաւուշօղլուին կոչ ուղղած է Թուրքիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ զինուորական-արհեստագիտական գործակցութեան վերաբերեալ Մոսկուայի մտավախութիւններուն նկատմամբ լրջութեամբ վերաբերելու:



