Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշելով, Որ Երեւան Անպատասխան Ձգած Է Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Առաջարկը. «Կացութեան Հետագայ Զարգացումը Կախեալ Պիտի Ըլլայ Հայաստանի Դիրքորոշումէն» Կ՛ըսէ Ալիեւ

November 5, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի 8-րդ համաշխարհային խորհրդաժողովի («Աշխարհը «Քորոնա» ժահրէն ետք») ծիրին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն` յայտարարելով. «Ազրպէյճանը Հայաստանին ըրած է շարք մը առաջարկներ` սկսելու աշխատանքը խաղաղութեան համաձայնագիրի վրայ, որովհետեւ մենք մտադիր ենք խօսիլ ոչ թէ պատերազմի, այլ խաղաղութեան մասին: Սակայն, ցաւօք, այս առաջարկը մինչեւ հիմա անպատասխան մնացած է»:

Ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը կը գրէ, որ Ալիեւ նշած է, թէ Ազրպէյճանը առաջարկած է նաեւ սկսիլ Հայաստանի հետ սահմանի սահմանագծման եւ սահմանազատման հոլովոյթ` երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը ապահովելու համար:

«Այս ամէնը կը համապատասխանէ միջազգային արժեչափերուն, սակայն, ցաւօք, այդ հարցը տակաւին լուծուած չէ», ըսած է Ալիեւ, որուն պնդումով` Ազրպէյճան առաւելագոյն կառուցողականութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ:

«Պէտք է ապագային նայիլ եւ ապահովել զայն իբրեւ կանխատեսելի, պատրաստ ըլլալ լայնածաւալ համագործակցութեան», ընդգծած է ան:

Ալիեւ շեշտած է, որ կացութեան հետագայ զարգացումը կախեալ պիտի ըլլայ Հայաստանի դիրքորոշումէն:

«Մեր դիրքորոշումը շատ յստակ է. մենք պատրաստ ենք խաղաղ բանակցութիւններու սկսելու եւ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու: Մենք կ՛ուզենք փակել այս էջը եւ որոշել սահմանները, սակայն, ինչպէս կը տեսնէք, Հայաստանէն արձագանգ չկայ: Կարելի է ըսել, որ ամբողջ տարիէ մը ի վեր կը լռեն: Կը կարծեմ, որ անոնք պիտի չկարենան դիմակայել Ազրպէյճանի կառուցողական դիրքորոշումը», ըսած է Ալիեւ:

Նախորդը

Հայաստանի Մէջ Կազմակերպուած Է Հարաւային Կովկասի Մէջ Ամերիկացի Դեսպաններու Խորհրդաժողովը

Յաջորդը

ՄԻԵԴ-ը Հրապարակեց Իր Վճիռը. Ազրպէյճան Խախտած Է Հայ Գերիներու Կեանքի Իրաւունքը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.