Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

February 15, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջին Արեւելքի աւետարանական եկեղեցիները Կեդրոնական Պէյրութի մէջ գումարեցին իրենց համաշխարհային համագումարը, որ կը կրէր «Աւետարանական համայնքն ու քրիստոնէական գոյութիւնը Արեւելքի մէջ» խորագիրը:

Համագումարին մասնակցող հոգեւորականներուն կողքին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն եւ նախկին նախարարներ Աբրահամ Տէտէեան եւ Թարեք Մըթրի:

Համագումարին ընթացքին խօսք առաւ Միջին Արեւելքի աւետարանական եկեղեցիներու լիկայի նախագահ վեր. Զեքի Սթեֆանոս, որ անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական գոյութեան եւ այդ գոյութիւնը հարցի վերածող կարգ մը ազդակներու, որոնց շարքին` բազմազանութեան սկզբունքին մերժումը, իրարու հանդէպ ներողամիտ չգտնուելու իրականութիւնն ու կարգ մը երկիրներու մէջ ծայր տուած համայնքային բռնարարքներուն իրականութիւնը:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքին գոյութիւնը հարցի վերածուած է նաեւ այն իրականութեան համար, որ քրիստոնեայ համայնքին ներկայացուցիչները քաղաքական հաստատութիւններուն մէջ բաւական նուազած են, ինչպէս նաեւ դէպի Արեւմուտք անոնց հոսքը հետզհետէ կ՛աւելնայ:

Ապա խօսք առաւ Յորդանանի աւետարանական եկեղեցւոյ նախագահ վեր. Մունիպ Եունան, որ կոչ ուղղեց չյանձնուելու ապակայունութեան ընտրանքին, ինչպէս նաեւ երկխօսութեան սկզբունքները պահպանելու, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական գոյութիւնը ամրապնդող շինիչ արդիւնքներու:

 

Նախորդը

ԺՈՄՊԼԱԹ – ՓԼԱՄՊԼԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Յաջորդը

ՄԻՔԱԹԻ. «ՄՕՏԻԿ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻԱ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԵՄ»

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.