Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համբիկ Սասունեանի Ազատագրումը Առիթ Է Պայքարի Աշխուժացման

November 1, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Լիբանանեան քաղաքական կեանքի արհեստական խափանման եւ տնտեսական ու ընկերային տագնապի լուծման հեռանկարները դէպի փակուղի մղող երեւոյթները յուսահատութեան կը մատնեն քաղաքացիները: Եթէ լուծման նշոյլներ յայտնուին, նոր տագնապ մը կը ծագի, անակնկալօրէն, յիշեցնելու համար, որ Լիբանանի քաղաքացիները հաւաքական անողոք պատիժի դատապարտուած են իրենց ղեկավարներուն վարած սխալ քաղաքականութեան համար, որ… պարզորոշ կերպով չի մատնանշուիր:

Հայաստան կը պատրաստուի ի նպաստ «երկարատեւ խաղաղութեան» համաձայնութիւններ կնքելու: Երկուստեք կը խօսին դրական ազդակներու մասին, որոնք լաւագոյն եզրայանգման մը հեռանկար կը նախանշեն: Չ՛ըսուիր սակայն, թէ ի՛նչ հեռանկարի շուրջ կ՛ընթանան գաղտնի բանակցութիւնները: Գաղտնիքին խիստ պահուիլը արդարօրէն իրաւունք կու տայ կասկածելու, որ հայկական կողմը կը պատրաստուի նոր զիջումներու, որոնք պիտի գան աւելնալու նախորդ երկու յայտարարութիւններով ամրագրուած ծանր նահանջներուն վրայ:

Տարապայման այս կացութեան ի տես, յուսահատելու ու պատրանաթափ պայքարէ հրաժարելու բաւարար պատճառներ կան: Սակայն խաւարը վանող լոյսի շող մը միշտ ալ կը յայտնուի անոնց համար, որոնք լոյսին կը հաւատան:

Նախորդ շաբաթավերջին հայկական քաղաքական երկնակամարին վրայ առկայծող լոյսի շողը Համբիկ Սասունեանի շատ ուշացած ազատագրումն է բանտէն եւ իր տեղափոխումը Հայաստան: Համբիկ Սասունեանի եւ իր նմաններուն արարքներուն յիշեցման այս առիթը կու գայ յիշեցնելու, որ յուսահատական ու տեղատուութեան պայմաններուն մէջ, կը գտնուին նուիրեալներ, որոնք կը յաջողին արմատապէս փոխել պարտուողական ու յարմարուողական մտածելակերպը եւ կացութեան համար անհամաչափ հակազդեցութեամբ, կը շրջեն իրերու ընթացքը:

Այդպէս եղաւ նախորդ դարու 60-ական ու 70-ական թուականներուն: Երբ Եղեռնի յիսնամեակի բազմահազարանոց հաւաքներն ու ցոյցերը, մեծ պետութիւններուն ներկայացուած յուշագիրները հանդիպեցան կիրթ ու կրաւորական արձագանգներու, երբ եւրոպական կարեւորագոյն թերթերէն մէկուն խմբագրապետը Ապրիլ 24-ի առիթով պատմաբան յօդուածագիրին կը բացատրէր, որ մամուլը պատմութեան մեկնաբանութեամբ չի զբաղուիր, այլ ժամանակակից դէպքերը կը ներկայացնէ ու այդ առիթով անոնց շարժառիթները կը բացատրէ, հրաւէր կ՛ուղղէր գործելու, դէպքեր յառաջացնելու:

Ու այդ դէպքերը յառաջացան ու Ցեղասպանութեամբ ողբացող ու Հայաստանի Հանրապետութեան կորուստով ընդարմացած հայութենէն ստեղծեցին պահանջատէր ու պայքարող հայութիւն, որ երկարատեւ յամառ մաքառումներէ ետք Հայ դատը դարձուց ժամանակակից պայքարի առարկայ եւ վերակերտեց Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

Այսօր, տեղատուութեան, յուսաբեկման ու յարմարուողականութեան մթնոլորտին մէջ, քառասնամեակ մը ամբողջ արգելափակուած ազատամարտիկին կալանքէն ազատումը մեզի կը յուշէ, որ ամէն կալանք ի վերջոյ ազատագրում կ՛ենթադրէ: Համբիկ Սասունեանի օրինակելի վերաբերումը, իր քաջ ու աներեր կեցուածքը եւ բանտէն իր ոգեւորող ու քաջալերող նամակագրութիւնը շատերու համար պայքարի ուղենիշ դարձան: Այս ազատագրումը մեզի կը յիշեցնէ, որ կարիքը ունինք վերազարթնումի, ոգիի բարձրացման, ազգային հպարտութեան, աշխարհի մէջ արժանապատիւ ապրելու մեր իրաւունքին ամրագրման:

Իրաւունքը կը պահանջէ աշխատանք, ճիգ ու տառապանք: Արդիւնքը` յաղթանակ:

 

 

 

Նախորդը

Նշմարներ Ո՞վ Է Հաշիւ Պահողը, Ո՞ւր` Պահանջողը…

Յաջորդը

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնի Հանդիսաւոր Նշում

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.