Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տագնապներու Պատճառով Աշխարհի Վրայ Գաղթականներու Թիւը Հասած Է Մրցանշային 48 Միլիոնի» Կ՛ըսէ ՄԱԿ

October 29, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տագնապներու պատճառով աշխարհի վրայ ներքին տեղահանուած անձերու թիւը հասած է 48 միլիոնի, ինչ որ մրցանշային ցուցանիշ է: Այս մասին յայտարարած է ներքին տեղահանուած անձերու խնդիրներով ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցող Սեսիլիա Խիմենես Տամարին` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի երրորդ կոմիտէին մէջ իր արտասանած խօսքի ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Թիւը այն մարդոց, որոնք զինեալ տագնապներու եւ բռնութեան պատճառով հարկադրուած են տեղահանուելու իրենց վայրերէն, հասած է 48 միլիոնի, ինչ որ երբեւէ արձանագրուած բարձրագոյն ցուցանիշն է», նշած է յատուկ զեկուցողը:

«Զինեալ տագնապներու բարդացող բնոյթի եւ համատարած բռնութեան պայմաններուն մէջ աւելի ու աւելի բարդ կը դառնայ ապահովել միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը», աւելցուցած է ան:

Խիմենես Տամարիի համաձայն, աշխարհի վրայ տագնապի իրավիճակներն ու բռնութիւնը կրնան նաեւ սաստկանալ բնական աղէտներէն, որոնք կը յանգեցնեն բնակչութեան տեղահանման, ինչպէս նաեւ, 2020 թուականէն սկսեալ, համաճարակէն:

Նախորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հանդիպումներ Ունեցաւ Ապու Տապիի Գահաժառանգին Եւ Պահրէյնի Թագաւորին Հետ

Յաջորդը

Պաքուի Զինուորական Դատարանը Ազրպէյճանի Ազգային Հերոսը Դատապարտած Է 10 Տարուան Բանտարկութեան

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.