Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«10 Դեսպանները Ետդարձ Կատարեցին Քաւալան Ազատ Արձակելու Իրենց Կեցուածքէն» Կ՛ըսէ Էրտողան

October 27, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ արեւմտեան երկիրներու 10 դեսպաններուն արտաքսման առնչուած դիւանագիտական ճգնաժամը լուծուած է` դեսպանատուներուն` Թուրքիոյ գործերուն չմիջամտելու մասին յայտարարութիւններէն ետք:

Անցեալ շաբաթ օր Էրտողան յայտարարեց, որ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեաներուն հրամայած է «անբաղձալի անձ» յայտարարել Քանատայի, Ֆրանսայի, Ֆինլանտայի, Դանիոյ, Գերմանիոյ, Նետերլանտներու, Նոր Զելանտայի, Նորվեկիոյ, Շուէտի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանները, որոնք Թուրքիոյ կոչ ուղղած էին ազատ արձակելու թուրք իրաւապաշտպան եւ բարերար Օսման Քաւալան:

Երկուշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու դեսպանատուները յայտարարեցին, որ հաւատարիմ կը մնան այլ երկիրներու ներքին գործերուն չմիջամտելու մասին Վիեննայի ուխտի 41-րդ յօդուածին:

Ատկէ ետք Թուրքիոյ նախագահը ըսած է, որ դեսպանները «այսուհետեւ աւելի ուշադիր եւ զգուշ պիտի ըլլան Թուրքիոյ վերաբերեալ իրենց յայտարարութիւններուն մէջ»:

«Կարելի չէ աչք փակել խումբ մը դեսպաններու, որոնք մեր արդարադատութիւններուն ցուցմունք կու տան: Դեսպաններու խումբի յայտարարութիւնները ուղղակի կերպով ուղղուած էին մեր երկրին դէմ, ոչ ոք, ո՛վ որ ալ ըլլայ, կրնայ Թուրքիոյ մէջ մնալ, եթէ չի յարգեր մեր երկրին անկախութիւնն ու ժողովուրդին որոշումը», ըսած է Էրտողան:

 

Նախորդը

Պաքուն Արգելակած Է Իրանեան «Սահար Թի. Վի.»-ի Կայքի Ազրպէյճանական Բաժին Մուտքը

Յաջորդը

Իսրայէլեան Օդուժը Յառաջիկայ Ամիսներուն Պիտի Սկսի Նախապատրաստուելու Իրանի Հիւլէական Կառոյցները Հարուածելուն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.