Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարդացման Մթնոլորտին Մէջ. Անմիջական Լուծման Ճիգերը Կ՛աշխուժանան Մէկէ Աւելի Ուղղութեամբ

October 26, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց մօտէն հետեւիլ երկրի ընդհանուր իրավիճակի զարգացումներուն` անհրաժեշտ ցուցմունքներ ու թելադրանքներ կատարելով պատկան մարզերու պատասխանատուներուն:

Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Անթուան Փանոն, որ եկած էր յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելու նախագահ Աունին, անոր յատկացուցած յիսուն եւ նախապէս հարիւր միլիառ լիբ. ոսկիի օգնութեան համար` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վնասուածներու նիւթական հատուցումի ծիրին մէջ:

Նախագահ Աուն նաեւ շնորհակալական հեռագիր մը յղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին` մաղթելով առաւել եւս զարգացնել երկրողմանի յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութիւնը: Նախագահ Աուն խիստ բարձր գնահատեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի գործունէութիւնը:

Նաեւ` Տնտեսական Առումով

Նոյն ծիրին մէջ հրատապ հարցերու գծով առնուեցան գործնական ուշագրաւ քայլեր, որոնց իրագործումը կրնայ որոշ լաւատեսութիւն ներշնչել քաղաքացիներուն` կացութեան բարեփոխման կարելիութեան գծով: Այս իմաստով վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կարճատեւ այցելութեամբ մեկնեցաւ Պաղտատ, ուր իրաքցի իր պաշտօնակիցին` Մուսթաֆա Քազեմիի հետ քննեց Լիբանանին տրամադրուելիք իրաքեան կազի տարողութիւնն ու փութացման քայլերը: Վարչապետ Միքաթիի կ՛ընկերանար Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ նոյնքան նախաձեռնող առանցքային դեր ունեցած էր «իրաքեան դռները Լիբանանին բանալու» գծով: Այս առիթով քննարկուեցաւ իրաքեան կազի թէ այլ վառելանիւթերու քանակի յաւելման կարելիութիւնը, ինչ որ ամսական հերթականութեամբ մօտերս պիտի հասնի Լիբանան: Այս առիթով վարչապետ Միքաթի իր եւ լիբանանցիներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Իրաքին` իր այս ազնիւ քայլին համար: Իր կարգին, Իրաքի վարչապետ Քազեմի վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանին` պատրաստակամութիւն յայտնելով ճիգ չխնայելու Լիբանանի կացութեան բարելաւման գծով:

Այս հարցի գործնական քայլերու ծիրին մէջ խիստ հաւանական է, որ ուժանիւթի նախարար Ուալիտ Ֆայեատ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին այցելէ Պաղտատ:

Նախքան Այդ` Տնտեսական Աշխատանքի Նիստ

Նախքան իր մեկնումը, վարչապետ Միքաթի աշխատանքի նիստ մը գումարեց տնտեսական, աշխատաւորական եւ յարակից մարզերու պատասխանատուներուն հետ: Այս առիթով արծարծուեցաւ եւ քննարկուեցաւ սեփական եւ պետական մարզերու պաշտօնեաներու երթեւեկի փոխադրածախսի եւ կրթական հատուցման կարելիութիւնները: Նաեւ արծարծուեցաւ ժամանակաւոր նիւթական հատուցում կատարել սեփական մարզի պաշտօնեաներուն` պետական մարզի պաշտօնեաներուն յատկացուելիք հատուցումներուն օրինակով: Այս գծով առաջարկուեցաւ օրական փոխադրածախսի հատուցում որոշել 60 հազար լիբ. ոսկիի կարելիութիւնը:

Քանաան Կ՛արձագանգէ

Միւս կողմէ, ելեւմուտքի եւ պիւտճէի հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան պահանջեց ընդհանուր զեկուցում մը ներկայացնել առաջարկուող յատկացումներու ընդհանուր գումարին մասին: Ան յայտնեց, որ այս պահանջը կը կատարէ մեկնելով նիւթական յատկացումներու գծով հաշուական բծախնդրութեան եւ թափանցիկութեան նախանձախնդրութենէն յիշեցնելով, որ նախորդ տասնամեակներուն հաշուական տոմարներուն մէջ յատկացումներ կան, որոնք մինչեւ օրս յստակ չեն, թէ ո՛ւր եւ ինչո՛ւ գործածուած են:

Նախորդը

Թայյունէի Հարցը Հետզհետէ Աւելի Սուր Բնոյթ Կը Ստանայ. Սամիր Ժահժահ Հարցաքննութեան Կանչուեցաւ, Իսկ Սէյիտ Նասրալլայի Դէմ Դատական Հայց Յարուցուեցաւ

Յաջորդը

Դաւիթ Իշխանեան. «Եթէ Պիտի Առաջնորդուին 1920-ականներու Քարտէսներով, Ապա Արցախը Պէտք Է Ցամաքային Կապ Ունենայ Հայաստանի Հետ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թիրախային Հարուածներու  Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թիրախային Հարուածներու Հանրագումարներ Եւ Ընտրութիւններ

October 8, 2026
Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.