Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Մէջ Թուրքիոյ Ներկայութիւնը Անօրինական Նկատելով` «Ուաշինկթըն Պիտի Լքէ Շրջանը, Ուր Ոեւէ Ամերիկացի Զինուորի Հետք Պիտի Չմնայ» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Մէջ Իրանի Դեսպանը

October 25, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ մէջ Իրանի դեսպան Մահտի Սապհանի յայտնեց, որ Սուրիան Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ շատ իւրայատուկ տեղ ունի, եւ երկու երկիրները շատ լաւ գիտեն իրարու նպատակները, եւ այդ գիտութիւնը շատ կարեւոր է, իսկ այդ փոխադարձ բարի նպատակները դէպի փայլուն ապագայ ուղղուելու համար լաւ հիմք են, եւ ոչ ոք կրնայ այդ յարաբերութիւնները խանգարել:

Սապհանիի կարծիքով, հարցերը պիտի ուղղուին դէպի շրջանէն Միացեալ Նահանգներու ամբողջական հեռացում եւ շրջանին մէջ ամերիկացի ոեւէ զինուորի հետքի  վերացում:

Ան սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ ան, որ մարդկային իրաւունքներն ու միջազգային օրէնքները պաշտպանել կը յաւակնի, լուռ կը մնայ Սուրիոյ վրայ Իսրայէլի յարձակումներուն նկատմամբ, որոնք Սուրիոյ մէջ վնասներ կը պատճառեն, ինչպէս նաեւ լուռ կը մնան Իսրայէլի կողմէ իր բոլոր ընդդիմախօսներուն բացայայտօրէն կատարուած սպանութեան նկատմամբ, եւ Միտհաթ Սալեհի նահատակութիւնը ցոյց կու տայ, թէ այդ երկիրը թշնամական վարքագիծին վրայ կը պնդէ:

«Իրան համաձայն չէ Սուրիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ քաղաքականութեան, մասնաւորաբար սուրիական հողերուն վրայ անոր անօրինական ներկայութեան», ըսաւ Իրանի դեսպանը` շեշտելով, որ Իրանի կեցուածքը հիմնուած է Սուրիայէն թրքական ուժերու հեռացման կարեւորութեան վրայ:

Սապհանի յոյս յայտնեց, որ «Թուրքիան յարգէ Իտլիպի եւ «Էմ4» ճամբուն վերաբերեալ իր ստանձնած յանձնառութիւնները եւ Սուրիոյ արտօնէ խաղաղ ապրիլ»:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ ռուս¬իրանեան յարաբերութիւններուն, Իրանի դեսպանը ըսաւ, որ իր երկիրը Ռուսիոյ միացնողը ահաբեկչութիւնը պարտութեան մատնելու եւ ահաբեկիչներուն ու անոնց միջազգային հովանաւորներուն դէմ կանգնելու հասարակաց նպատակն է:

«Ահաբեկիչներն ու անոնց միջազգային հովանաւորները կը ծրագրեն տապալել Սուրիոյ կառավարութիւնն ու երկիրը մասնատել, եւ մեր ու Ռուսիոյ միջեւ հասարակաց այդ օրակարգին հիմամբ օգնեցինք Սուրիոյ: Այդ օրակարգը տակաւին ի զօրու է, եւ իմ կարծիքովս` ճակատամարտը տակաւին չէ աւարտած: Մեր եւ Ռուսիոյ միջեւ որեւէ տարակարծութիւն չկայ», ըսաւ Սապհանի:

Իրանի դեսպանը յայտնեց, որ իր երկիրը կ՛ողջունէ Սուրիոյ նկատմամբ արաբական դրական քայլերը եւ Սուրիոյ արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ դրական զարգացում` նշելով, որ ատիկա ի շահ Սուրիոյ կառավարութեան ու ժողովուրդին է:

 

Նախորդը

Թուրքիա Կը Յայտարարէ, Որ Իրանեան Լրտեսական Ցանց Բացայայտած Է

Յաջորդը

«Մեր Օրինական Բոլոր Իրաւունքները Պիտի Օգտագործենք Նիւ Եորքի Դատարանին Որոշումը Բողոքարկելու Համար» Կ՛ըսէ Թրքական Դրամատունը

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.