Պուտվա (Մոնթենեկրօ) քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Հենրիկ Սահակեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ 51 քկ դասակարգի մրցումներուն, երէկ արձանագրեց գեղեցիկ յաղթանակ մը իր թուրք մրցակիցին դէմ եւ այսպիսով ապահովեց նուազագոյնը պրոնզ մետալ մը:
Քառորդ աւարտականին գծով իր կատարած ճակատումին, Սահակեան ոչ մէկ առիթ տալով Չինար Մեհմեթանին, արձանագրեց 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Իր կարգին, տպաւորիչ յաղթանակ արձանագրեց Էրիկ Իսրայէլեան, որ 60 քկ դասակարգին մէջ, պարտութեան մատնելով սպանացի իր մրցակիցը, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
Այսպիսով, Հայաստան կիսաւարտականի մրցումներուն արդէն իսկ ունի երեք մասնակից եւ ապահոված է առնուազն երեք պրոնզ մետալ:
19 հոկտեմբերին կիսաւարտականի իր տոմսը ապահոված էր Էլիդա Քոչարեան (60 քկ):




