Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչ Որ Կրնանք

October 21, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Ինչպէս գիտէք, մեր ժողովուրդին կարիքները շատ են: Մենք ալ պարտաւոր ենք լաւապէս կազմակերպուելու եւ հասնելու բոլորին:

Դեղորայքի, հիւանդանոցի, ուտեստեղէնի, ապրուստի եւ անմիջական կարիքներու համար զանազան մակարդակի վրայ աշխատանքներ կը տարուին:

Կրթական, բարեսիրական, հոգեւոր, ընկերային եւ միութենական կեանքը աշխուժ պահելու որոշումն ու կամքը կա՛յ:

Անցնող ամիսներուն զանազան փուլերով աշխատանք տարուեցաւ նպաստընկալ ընտանիքներու ցանկերը առաւելագոյն չափով զտելու, բաժնելու եւ արդար ձեւով բոլորին հասնելու: Այս վճռակամութիւնն ալ ունինք:

Երկրի տնտեսական եւ անորոշ վիճակը նկատի ունենալով` մէկ կողմէ օրէ օր գաղթողներու թիւի աճ կ՛արձանագրուի, իսկ միւս կողմէ` նպաստընկալ ընտանիքներու ցանկերու յաւելում:

Տնտեսական եւ կենցաղային ահաւոր կացութեան դէմ յանդիման աւելի կազմակերպուած ու երկարաշունչ ծրագիրներով նպաստներ բաժնելու քայլերու կը նախաձեռնուի:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը եւ թեմերը, ՀՅԴ Բիւրոն եւ ուղեկից միութիւնները, հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական համայնքները, Բարեգործականը, Ռամկավար եւ Հնչակեան կուսակցութիւններու ղեկավարները` բոլորն ալ առանձին առանձին եւ շատ անգամ միասնաբար ժողովուրդի տարբեր խաւերու ու տարբեր մարզերու օգտակար ըլլալու գործնական քայլերու մէջ են:

Այս բոլորով հանդերձ, կարիքները տակաւին բազմաբնոյթ են եւ ճակատագրական: Անցնող շաբթուան ապահովական դէպքերն ալ եկան աւելի մտահոգիչ դարձնելու արդէն իսկ ծանր կացութիւնը:

Այս բոլորին դիմաց, վստահ եղէք, որ պիտի ընենք այն, ինչ որ կրնանք` թէ՛ ֆիզիքական ապահովութեան, թէ՛ բարոյական զօրակցութեան, թէ՛ նիւթական օժանդակութեան, թէ՛ կրթական առումով մեր հայրենակիցներուն կողքին ըլլալու եւ անոնց նեցուկ կանգնելու ի խնդիր, այլ խօսքով` գաղութին տոկալուն եւ գոյատեւումին սատար հանդիսանալու:

Այս բոլորին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն մեր ուսուցիչները եւ ազգային, բարեսիրական, կուսակցական եւ կրօնական կառոյցներու ծառայողները:

Բնական է, որ այս ծանր ու բազմաճիւղ աշխատանքին մէջ բացթողումներ արձանագրուին կամ ցանկերու զտման մէջ որոշ բարդութիւններ ծագին: Այսօրուան մեր տուեալներով, կան ութ հազար ընտանիքներու տախտակներ` «Քորոնա»-ի ճգնաժամի տագնապի օրերէն, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն մինչեւ օրս: Կրկնութիւնները, զտումն ու նոր անուններու յաւելումը եւ ամբողջական աշխատանքային դրութեան մը հաստատումը ժամանակ պիտի առնէ, եւ այդ իմաստով կարիք կայ բոլորին օժանդակութեան, որպէսզի արդար, ամբողջական ու թափանցիկ ըլլան տախտակները:

Ինչ որ պէտք է, ինչ որ կրնանք, պիտի ընենք եւ պէ՛տք է ընենք. կը մնայ, որ պահենք գործակցութեան ոգին, համբերութիւնն ու վստահութիւնը:

 

 

Նախորդը

Հայոց Գիրերը

Յաջորդը

Դաշնակցութեան Խիղճը… Սիմոն Զաւարեանի Մահուան 108-ամեակ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.