Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 8-րդ հանգրուանի ճակատումներուն, Եուվենթուս, որ հիւրընկալեց Ա. Էս. Ռոման, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Եուվէի եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց իտալացի Մոյզ Քին, 16-րդ վայրկեանին:
44-րդ վայրկեանին, փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմը լաւագոյն առիթը ունէր արդիւնքը հաւասարեցնելու, սակայն ֆրանսացի Ժորտան Վերեթուի հարուածած փենալթին զսպուեցաւ Եուվենթուսի լեհ բերդապահին կողմէ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր Ա. Էս. Ռոմայի կողմէ, իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Եուվենթուս ապահովեց տարեշրջանի իր 14-րդ կէտը, մինչ հռոմեան կազմը ունի 15 կէտ:
Այլ գետնի վրայ, Նափոլի, որ հիւրընկալեց Թորինոն, իր կարգին արձանագրեց նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց նիկերիացի յառաջապահ Վիքթոր Օսիմէն, 81-րդ վայրկեանին:
Նախքան այս կոլին նշանակուիլը, անոր խմբակից Լորենցօ Ինսինյէ 26-րդ վայրկեանին իր կազմին շնորհուած փենալթին չկրցաւ կոլի վերածել:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Նափոլի, որ ապահոված է առաւելագոյն 24 կէտը, երկու կէտով կը գերազանցէ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Ա. Սէ. Միլանը:



