Անգարան Ուաշինկթընի հետ կը բանակցի «Էֆ-16» հալածիչներ գնելու հարցով, որովհետեւ «Էֆ-35» ծրագիրէն դուրս մնացած է ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի գնման պատճառով: «Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
Անցեալ ամիս Թուրքիան նամակ յղած էր` խնդրելով 40 «Էֆ-16» օդանաւ եւ 80 արդիականացման հաւաքածոյ:
Էրտողանի բանբերը այս ամսուան սկիզբը յայտարարած էր, որ Անգարան կրնայ Ուաշինկթընէն խնդրել «Էֆ-35» հալածիչի ծրագիրին համար արդէն վճարած գումարը օգտագործել «Էֆ-16» օդանաւեր գնելու եւ արդիականացնելու համար:
«Էֆ-16»¬ի գնումը, ի հարկէ, առնչուած է «Էֆ-35»¬ի խնդիրին հետ», Էրտողանի խօսքերը կը մէջբերէ «Տէօչէ Վելլէ»:
«Մենք ըսած ենք, որ բոլոր անհրաժեշտ քայլերուն պիտի ձեռնարկենք մեր երկրին պաշտպանական կարիքները բաւարարելու համար», ըսած է Էրտողան: Ան միեւնոյն ժամանակ կրկնած է, որ Ուաշինկթըն 1,4 միլիառ տոլարի դիմաց պէտք է փոխհատուցէ Թուրքիոյ:
«Մենք Կ՛աշխատինք մեր օդուժի հետագայ զարգացման վրայ` գոյութիւն ունեցող «Էֆ-16» օդանաւերու արդիականացումէն մինչեւ «Էֆ-16»¬ի նոր, լրացուցիչ գնումներ», աւելցուցած է Թուրքիոյ նախագահը:
Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան վարչութեան պետ Իսմայիլ Տեմիր յայտարարած է. «Թուրքիան կրնայ ռուսական «Սու-35» եւ «Սու-57» կործանիչներ գնել, եթէ Միացեալ Նահանգներ սառեցնեն «Էֆ-16»¬ի վաճառքը»:



