Իրան յայտարարեց, որ կիրակի օր վերսկսած է դէպի Սէուտական Արաբիա իր արտածումներուն, որոնք տարիներէ ի վեր դադրած էին:
Իրանեան մաքսատան բանբեր Ռուհուլլա Լութէյֆի յայտնեց. «Անցնող շրջանին իրանեան ապրանքներու երկու քանակ արտածուեցաւ Սէուտական Արաբիա»:
«Դէպի Սէուտական Արաբիա արտածումները կ՛արտացոլեն երկու կողմերուն յարաբերութիւնները ամրապնդելու կամքը, որ արդիւնք է անոր հետ Իրաքի միջոցով բանակցութիւններուն», նշեց Լութէյֆի` աւելցնելով. «Արտածումներու ծաւալը տակաւին փոքր է եւ ոչ բաւարար, սակայն տնտեսական կապերը ամրապնդելու սկիզբ կը ներկայացնէ»:



