Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալաթի Հանդիպակաց Ծովուն Վրայ Օդանաւ Մը Ջախջախուեցաւ

October 14, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաղաքացիական օդանաւորդութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ երէկ առաւօտեան ժամը 10:06-ին, «Աէրօ քլապ Լեպանոն» ընկերութեան պատկանող «Սեսնա 172» տիպի օդանաւ մը Պէյրութի միջազգային օդակայանէն թռիչք առաւ Ժիպէյլի ուղղութեամբ:

Նոյն հաղորդագրութեան համաձայն, Հալաթի հանդիպակաց ծովուն վրայ ժամը 10:24-ին, ռատարներուն վրայ նոյն օդանաւի հետքը կորսուած է:

«Քաղաքացիական օդանաւորդութեան մարզին պատկանող օդանաւին մէջ կային երկու հոգի` Փասքալ Ապտել Ահատ եւ Ալի Հաժ Ահմետ: Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարը անմիջապէս կազմեց փորձագէտներու յանձնախումբ մը, եւ այս միջադէպին մասին հետաքննութիւն բացուեցաւ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժեր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ծովային ուժեր, անմիջապէս փութացին դէպքին վայրը եւ սկսան փնտռել ծովուն մէջ կորսուած քաղաքացիները:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կոչ ուղղեցին ծովուժին կազմ ու պատրաստ մնալու եւ փրկարար աշխատանքը շարունակելու` գտնելու համար երկու քաղաքացիները:

Նշենք, որ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի ուղղաթիռով մը ուղղուեցաւ դէպքին վայրը, ուր յայտնեց, որ քաղաքացիներուն փնտռտուքը կը շարունակուի եւ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի արդիւնքի մը յանգելու համար:

 

 

 

Նախորդը

Պիւթակազի Ընկերութիւնները Փակ Կը Պահեն Իրենց Դռները Եւ Արտօնութիւն Կը Պահանջեն Պիւթակազը Տոլարի Սակով Վաճառելու

Յաջորդը

Պըրրի 19 Հոկտեմբերին Խորհրդարանը Հրաւիրեց Լիագումար Նիստի

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.