Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Անկախ Պետականութեան Լինելիութեան Հարցին Էութիւնը

October 7, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Փորձենք հասկնալ, թէ իսկապէս ի՛նչ կ՛ըսէ Արմէն Գէորգեանը իր վերջին գրառման մէջ, զոր փոխադրեր էի իմ էջին վրայ` զայն արտագրելով Սիւզան Խարտալեանի դիմատետրային էջէն:

Պր. Գէորգեան երեք կարևոր նախապայմաններ կը մատնանշէ մեր պետականութեան վերականգնման գործը ճամբայ հանելու բարդ գործին համար: Ան չի խօսիր անելիքի առաջնահերթութիւններուն մասին, որոնց բանաձևումը, ըստ իս, մեր հաւաքական կեանքի իսկական մարտահրաւէրը կը ներկայացնէ: Մենք ի վերջոյ պիտի որոշենք, թէ ի՛նչ բանի պիտի ձգտի այսօրուան եւ վաղուան հաւաքական հայը եւ ի՛նչ բանի կամ բաներու վրայ պիտի ընէ սուղ միջոցներէ գոյացող իր ազգային ներդրումը: Այս մէկը մտածումի մէկ այլ տարածք է, որմէ ներս մենք ստիպուած ենք շուտով եւ իմաստութեամբ խիզախել:

Բայց մենք վերադառնանք պր. Գէորգեանի նախապայմաններուն եւ որոշենք, թէ ի՛նչ բովանդակութիւն անհրաժեշտ է տալ անոնց, որպէսզի գործը հարազատօրէն ցոլացնէ միտքը: Որպէսզի գործը ոչ միայն ցոլացնէ միտքը, այլ զայն գերազանցէ:

Առաջին` «յաղթահարել պարտուածի հոգեբանութիւնը»: Առաջին հերթին, մեծապէս կարեւոր է, որ այս մէկը չըլլայ միայն լոզունգ, այլ վերածուի բազմամակարդակ ծրագրի, որ լուծումներ կը բերէ մեր երկրի հրատապ խնդիրներուն: Բայց ամէնէն կարեւորը այն է, որ պարտութեան հոգեբանութիւնը յաղթահարուի ի նպաստ մեզի® Ի նպաստ հայ անկախ պետականութեան վերակառուցման դժուարին առաջադրութիւններուն: Քանի որ դեռ գոյութիւն ունի հակառակ եզրը: Այսինքն պարտութեան հոգեբանութիւնը կրնայ «յաղթահարուիլ» ի նպաստ թշնամիի տեսլականին® Հայաստանի պատանդման գոյավիճակը բազում թունաւոր խայծերով եւ խաբէութիւններով ընդունելի դարձնելո՛վ ժողովուրդին: Զայն զարդարելով փաշինեանական ամբոխահաճ տարազներով: Պարզ խօսքով, պարտուածի հոգեբանութիւնը «քնացնելով» փաշինեանական թաւշեայ «յեղափոխութեան» յայտնի թմրանիւթերով: Պէտք է ընտրել պարտուածի հոգեբանութիւնը յաղթահարելու դժուարին, արմատական, խորքային ճանապարհը:

Երկրորդ` «պատրաստ լինել վերանայելու ներքին օրակարգը:» Ցարդ այս մասին խօսած է միայն Դաշնակցութիւնը` զայն վերածելով քաղաքական փլաթֆորմի: Յառաջաբանները զեղչելով` ըսեմ, որ այս մէկը էապէս կը նշանակէ կազմաքանդել երկրի մենաշնորհային համակարգը եւ զայն պարտադրաբար բերել մրցակցային դաշտէն ներս: Հաստատել ազգային եկամուտի վերաբաշխման արմատականօրէն արդար մէկ գործընթաց` հնարաւոր դարձնելով վերաներդրումային առողջ նորմեր, որոնք շարունակ կը ստեղծեն որակաւոր նոր աշխատատեղեր մեր նորանոր սերունդներուն համար: Որմէ ինքնաբերաբար կը բխի մեր երկրի ժողովրդագրական աճը վերականգնելու անհրաժեշտ իրական եւ հոգեբանական միջավայրը: (ՀՀ տնտեսութեան վերաձևաւորման հարցին մասին օրին ես պատրաստած եմ հայեցակարգային մէկ նախագիծ` մեր ներքին քննարկումներուն համար:) Առաւե՛լ` արդիականացնել և ժողովրդավարացնել գիւղոլորտը: (Այս մասին եւս` տե՛ս իմ յօդուածը` Փաշինեանի առաջին կառավարութեան սկզբնական օրերուն գրուած:) Մտնել նոր, երիտասարդ, մտատար (mind-based) արդիւնաբերական ճիւղերէն ներս: Լայնօրէն ընդարձակել համաշխարհային տնտեսութեան հետ յարաբերութիւններու մեր շրջանակը: Ստեղծել «հայկական ժողովասեղան»-ը` տարածաշրջանին մէջ Հայաստանը վերածելով ցանցային շփումներու կեդրոնի: Եւ շատ ուրիշ բաներ: Բայց մանաւանդ ընել այնպէս, որ ազգային եկամուտը անխափան հասնի ժողովուրդին ու վերածուի ազգային արժեհամակարգի եւ ազգային մշակոյթի:

Երրորդ` «ուժեղացնել հայկական աշխարհի գործօնը»: Այս մէկը կ՛ենթադրէ հայրենիք-սփիւռք կարողականութիւններու ամբողջական, մշտական, խորքային եւ համակարգային համարկում` իր բազմաշերտ կիրարկումներով: Կ՛ԵՆԹԱԴՐԷ ՍՏԵՂԾԵԼ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՐՔԱՅԻՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ: Ասոր պատմական նախընթացը 1921-ին գումարուած 12-րդ համահրէական համաժողովն է Ցիւրիխի մէջ: Այս մասին լայնօրէն կը խօսի Ռուբէնը իր յօդուածներուն մէջ, որոնց մէկ մասը ամփոփուած է իր յուշերու հատորաշարքի 8-րդ հատորին մէջ: Պարզ խօսքով, այս վարդապետութեան (doctrine) չափորոշիչներով սփիւռքը կը վերաձեւաւորուի որպէս աշխարհաքաղաքական գործօն` ընդարձակելով եւ համաշխարհայնացնելով Հայաստանի լինելիութեան հրամայականը: Արմէնի գործածած «գրագէտ» բառը պատահական չէ: Ան ըսել կ՛ուզէ, որ այս նոր մտատեսիլը կը պահանջէ հայկական նոր «քաղաքակրթութիւն»: Այսինքն մենք (հայրենիք եւ սփիւռք) ազգովին վերակրթուելու կարիքը պիտի ունենանք այս նոր իրականութիւնը կարենալ իր էութեամբ ընկալելու եւ գործի վերածելու համար:

Հիմնական պատգա՞մը այս բոլորին: Իմ կարծիքով, «շան գլուխ»-ը թաղուած է Արմէն Գէորգեանի վերջին կէտին մէջ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ, ԻՐ ՆԵՐԿԱՅ «ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ», ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ Է ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՐԳԻ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ԱՆՈՆՑ ՄԵԾԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍԱԿԱՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ: ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԱՆ ՄԵՐ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՉԷ: ԱՆ «ՓՈԽ ՏՐՈՒԱԾ» Է ՄԵԶԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐԱՊԷՍ ԶԱՅՆ «ՍԻՐԵԼՈՒ» ԿԱՄ ԶԱՅՆ «ՇԱՀԱԳՈՐԾԵԼՈՒ» ՆՊԱՏԱԿԻՆ ՀԱՄԱՐ, ՆԱՅԱԾ, ԹԷ Ո՛Ր ԴԱՍԱԿԱՐԳԻՆ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻՆՔ® ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ ԱՆՈՐ ԼԻՆԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ` ՈՐՊԷՍ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, ՄԻՇՏ ԽՆԴՐԱՅԱՐՈՅՑ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ: ԱՅՍՕՐ ՎԵՐՋԱՊԷՍ ՊԻՏԻ ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՆՔ, ԹԷ ՄԵՆՔ ԵՆՔ, ՈՐ ՊԻՏԻ ԱՊԱՀՈՎԵՆՔ ԱՆՈՐ ՀԵՌԱՀԱՍ ԼԻՆԵԼԻՈՒԹՈՒՆԸ: ՄԵՆՔ ԵՆՔ, ՈՐ ՊԻՏԻ ՓՈԽԵՆՔ ՊԱՏԱՆԴԻ ԱՅՍ ԳՈՅԱՎԻՃԱԿԸ, ԻՆՉՊԷՍ ՓՈԽԵՑԻՆՔ 1918-Ի ՄԱՅԻՍԻՆ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ, ԲԱՇ ԱՊԱՐԱՆԻ ԵՒ  ՂԱՐԱՔԻԼԻՍԱՅԻ ՃԱԿԱՏՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ: ՄԵՆՔ ԵՆՔ, ՈՐ ՊԻՏԻ «ԸՆԴԱՐՁԱԿԵՆՔ» ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ ՆՈՐ ԻՄԱՑՈՒԹԵԱՄԲ: ՄԵՆՔ ԵՆՔ, ՈՐ ՊԻՏԻ ԸՍԵՆՔ` «ԵԹԷ ՄԵՐ ԱՌՋԵՒ ԳՏՆՈՒՈՂ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ԲՆՈՅԹ ՈՒՆԻ, ՄԵՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ ԱՅԴ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԻՆ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ՆՈՅՆՔԱՆ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ: ՊԱՐԶ ԽՕՍՔՈՎ, ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ՍՓԻՒՌՔ ՀԱՄԱՐԿՈՒՄԻ (ԻՆՏԵԳՐԱՑԻԱ, INTEGRATION) ՄՏԱՏԵՍԻԼԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԿԱՌՈՒՑԵԼ ՀԱԿԱԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆԸ: ԱՅՍԻՆՔՆ ՄԵՐ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻ՛Ն ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ՍՓԻՒՌՔ ԱՆՍԱՀՄԱՆԵԼԻ (ԱՒԵԼԻ ՃԻՇԴ` Ի ՆՈՐՈՅ ՍԱՀՄԱՆՈՒԱԾ) ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆԸ` ՈՐՊԷՍ ՀԱՅ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԼԻՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆՊԱՐՏԵԼԻ ՀԱՄԱԿԱՐԳ: ԲԱՅՑ ԱՅՍ ՄԷԿԸ ԵՒՍ ՊԷՏՔ ՉԷ ԸԼԼԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՕՐԷՆ ԱՆԳՐԱԳԷՏ ՄԱՐԴՈՑ ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ՅԵՂՅԵՂՈՒՈՂ ԼՈԶՈՒՆԳ: ԱՆ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ` ԾՐԱԳԻՐ, ՀԱՒԱՏՔ, ՆՈՒԻՐՈՒՄ, ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, ԳՈՐԾ ԵՒ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄ: Այստեղ կանգ կ՛առնեմ առայժմ:

 

 

 

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

Մի՛ Ներէք Մեզ

RelatedPosts

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը
Անդրադարձ

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը

November 3, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.