Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Ծաղկաձոր քաղաքին մէջ յատուկ հանդիսութեամբ մը ընթացք առաւ «Չես-Մուտ» միջազգային բաց մրցաշարքը:
Այս մրցումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 11 երկիրներէ աւելի քան 200 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 25 միջազգային կրանտմասթըրներ, ինչպէս նաեւ` 40 միջազգային եւ «ՖԻՏԷ»-ի վարպետներ:



