Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ-Թուրք Յարաբերութիւններու Հաստատման Գործընթացի Պարագային Հայկական Կողմը Պէտք Է Ունենայ Գործընթացէն Դուրս Գալու Ռազմավարութիւն

September 30, 2021
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի առցանց 36-րդ լսարանին նիւթն էր «Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կայացման խնդիրները. դասեր անցեալէն». դասախօսը` միջազգայնագէտ, թուրքագէտ դոկտ. Վահրամ Տէր Մաթեւոսեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Դասախօսը իր զեկուցումը բաժնեց երեք մասի. առաջին` յետնոյեմբերեան ժամանակահատուածին Թուրքիոյ արձանագրած հռետորաբանական փոփոխութիւնը: Երկրորդ` նախորդող ժամանակահատուածին արձանագրուած բացթողումները եւ անոնցմէ քաղելիք դասերը, եւ երրորդ` ներկայ պայմանները նկատի ունենալով ի՞նչ քայլերու կարելի է ձեռնարկել:

Ապա դոկտ. Տէր Մաթեւոսեան  խօսեցաւ Էրտողանի առաջադրած կովկասեան կայունութեան փլաթֆորմին, որ վերափոխուած է վեցեակի հարթակ ձեւակերպումին: Այժմ Անգարան կը փորձէ հարաւային Կովկասի մէջ աշխարհաքաղաքական ճարտարապետութեան մէջ առաջին ջութակի դերը վերցնել:

Այնուհետեւ դասախօսը ներկայացուց Անգարայի կողմէ վերափոխուած նախապայմանները` Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչում կամ Կարսի պայմանագիրի վերահաստատում, Երեւանի կողմէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պահանջէ հրաժարում,  Ազրպէյճանի հետ տարածքային ամբողջականութիւններու փոխադարձ ճանաչում` սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացներով, ինչպէս նաեւ Սահմանադրութեան վերանայում` Ցեղասպանութեան ճանաչման բաժինը Անկախութեան հռչակագիրէն դուրս հանելու առումով:

Այնուհետեւ դասախօսը խօսեցաւ բանակցութիւններու հայկական կողմին ծուղակ չներքաշուելու անհրաժեշտութեան մասին` շեշտելով դիւանագիտական պաշարները վերապատրաստելու հրամայականը:

Խօսելով ֆութպոլային դիւանագիտութեան շրջագիծին մէջ ցիւրիխեան արձանագրութիւններու  շրջանին  արձանագրուած որոշ բացթողումներուն մասին` դոկտ. Տէր Մաթեւոսեան կեդրոնացաւ վեց կէտերու վրայ.

Ա.- Յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք է անջատել հաշտեցման գործընթացէն,

Բ.- Աշխատիլ միջազգային կազմակերպութիւններու եւ միջնորդական առաքելութիւններու հետ,

Գ.- Թուրքիոյ մէջ հանրային կարծիքին հասանելի դառնալ,

Դ.- Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտացիութեան բանավէճերու ծուղակներուն չներքաշուիլ,

Ե.- Բանակցային արհեստավարժ խումբ պատրաստել,

Զ.- Մշակել գործընթացէն դուրս գալու ռազմավարութիւն:

Դասախօսութեան հետեւեցաւ  լսարանականներու մասնակցութեամբ քննարկում:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 30 Սեպտեմպեր 2021)

Յաջորդը

Ակնարկ. Այլանդակ «Բազմաձայնութիւնը» Եւ Այլընտրանքը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.