Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն

September 30, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին ներկայացուցիչներ Ֆրանսայի Միացեալ քաղաքներու կազմակերպութենէն, ֆրանսական քաղաքապետութիւններէն եւ Լիբանանի Միացեալ քաղաքներու ու պետական տեղական կազմակերպութիւններէն, 22 սեպտեմբերին այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն  քննարկելու համար գործադրութեան քայլերը «Լիբանանի հետ համերաշխութեան ֆոնտ» խորագրեալ ծրագիրին, որուն նպատակն է օժանդակել լիբանանեան քաղաքապետութիւններուն, ինչպէս նաեւ խիստ կարիքներու մէջ եղող ընտանիքներուն:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Վալերի Տըմոնթէ` ծրագիրի նախագահ եւ Ուուտ շրջանի փոխնահանգապետ, Սիմոն Ճիովիթի` Ֆրանսայի Միացեալ քաղաքներու կազմակերպութեան ներկայացուցիչ, Քամիլ Պոկօ` ֆրանսական դեսպանատան եւ ֆրանսական բարգաւաճման գործակալութեան ներկայացուցիչ, դոկտ. Պեշիր Ազէյմի` լիբանանեան քաղաքապետութեանց արհեստագիտական-թեքնիք գրասենեակի տնօրէն եւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի Միացեալ քաղաքներու կազմակերպութեան ներկայացուցիչ, դոկտ. Սինթիա Ազզամ ` նշեալ գրասենեակին մօտ ծրագիրին պատասխանատու եւ դոկտ. Հայիմ  Քաայէ` կարիքներու ուսումնասիրութեան պատասխանատու:

Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան իր բարի գալուստի խօսքին մէջ ողջունեց ֆրանսական այս նախաձեռնութիւնն ու անոր լոյսին տակ Լիբանան գտնուող պատուիրակութիւնը: Ան թուեց այն բազմաթիւ տագնապները, որոնք ծագեցան վերջին շրջանին եւ պատճառ դարձան, որ այս կացութեան մէջ յայտնուի Լիբանանի ժողովուրդը եւ նորանոր դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուի: Պուրճ Համուտի քաղաքապետը թուեց նաեւ այն դժուարութիւնները, որոնք կը խոչընդոտեն վարչական, յատկապէս` քաղաքապետութեանց գրասենեակներու հեզասահ գործունէութիւնը, մանաւանդ նկատի ունենալով եկամուտի աղբիւրներու սակաւութիւնն ու լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկումը: Ան յայտնեց, թէ նշեալ ծրագիրի թափանցիկ ու արդար ձեւով իրագործումը, գործակցաբար նուիրատու բարերարներու, տեղական իշխանութեանց եւ քաղաքացիական ընկերութեան միջեւ` կրնայ վերահաստատել քաղաքացիներու եւ պաշտօնական կառավարման միջեւ քայքայուած վստահութիւնը: Պօղոսեան դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանսական այս նախաձեռնութեան համար եւ իր խօսքը եզրափակեց` ընդգծելով դժուարութիւնները յաղթահարելու իր վճռակամութիւնը:

Իր կարգին, Վալերի Տըմոնթէ հաստատեց, որ այս ծրագիրը 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի վաղորդայնին ֆրանսական կարգ մը քաղաքապետութիւններու նախաձեռնութիւնն է` օգնելու համար ծանրօրէն վնասուած շրջաններու բնակչութեան եւ անոնց վարչական մարմիններուն: Սիմոն Ճիովիթի շեշտեց տեղական ինքնակառավարման մարմիններու դերը տագնապներու դիմակալման ու յաղթահարման գծով: Դոկտ. Քաայէ նշեց իր պատրաստած ուսումնասիրութեան արդիւնքները` տագնապահար շրջաններու կարիքներու դասաւորման եւ ներկայացուց անոնց ընդառաջելու այն քայլերն ու միջոցները, որոնք պիտի որդեգրուին պատկան մարմիններու եւ տեղական իշխանութեանց հետ գործակցաբար:

 

Նախորդը

Օրհնութիւն Ու Փառք Հերոսներուն Որ Բարձրացան Ու Բարձրացուցին

Յաջորդը

Ֆրանս-Ամերիկեան Տագնապն Ու Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Ձեւաչափի Մօտալուտ Վերականգնման Հեռանկարը

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.