Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ասիկա Պէտք Է Աւարտի, Մենք Կը Պահանջենք, Որ Թուրքիան Եւ Միացեալ Նահանգները Առանց Նախապայմաններու Դուրս Բերեն Իրենց Զօրքերը Սուրիայէն» Կ՛ըսէ Մըքտատ

September 29, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 76-րդ նստաշրջանին մէջ յայտարարած է, որ Սուրիան մտադիր է ամբողջութեամբ վերականգնելու ազգային գերիշխանութիւնը եւ անօրինական կը նկատէ իր տարածքին մէջ որեւէ օտարերկրեայ զօրքի գոյութիւն, որ Սուրիոյ կառավարութեան հետ համաձայնութեան հիմամբ չէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:

«Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգները կեղծ պատրուակներ կ՛օգտագործեն Սուրիոյ տարածքին մէջ իրենց զինուորական ներկայութիւնը շարունակելու եւ անոր բնական պաշարները թալանելու համար, ինչ որ կը հակասէ միջազգային օրէնքին եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերուն: Ասիկա պէտք է աւարտի, եւ մենք կը պահանջենք, որ Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգները առանց նախապայմաններու հեռացնեն զօրքերը Սուրիայէն», ըսած է Մըքտատ:

Ան միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ Դամասկոսը ինքն իրեն իրաւունք կը վերապահէ օրինական բոլոր միջոցներով հասնելու այդ նպատակին:

Սուրիական դիւանագիտութեան պետը Թուրքիան մեղադրած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքին մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտի ստեղծելու մասին համաձայնագիրէն բխող պարտաւորութիւնները չկատարելու յանցանքով: «Իբրեւ արդիւնք, Իտլիպ նահանգը վերածուած է այնտեղ ներթափանցած օտարերկրեայ ահաբեկիչներու բուծարանի», նշած է ան:

Նախարարին համաձայն, այս կացութիւնը չի կրնար անվերջ շարունակուիլ, եւ Սուրիան վճռական տրամադրուած է, որպէսզի վերջ տայ այս բոլորին:

Նախորդը

Ալիեւ Կը Յայտնէ, Որ Առարկութիւն Չունի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Միջնորդութեամբ Փաշինեանի Հետ Հանդիպելու

Յաջորդը

Վրաստան Կ՛առաջարկէ Թիֆլիսի Մէջ Հարթակ Ստեղծել Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Երկխօսութեան Համար

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.