Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռաատ. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցինք Մեր Ժողովուրդին Վրայ Մեր Ունեցած Մեծ Վստահութեամբ»

September 27, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոք նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ Իքլիմ Թուֆֆահի մէջ Դիմադրութեան նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ աւելի քան երկուքուկէս տարիէ ի վեր Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը հետեւանք էր նախկին շրջանի իրերայաջորդ կառավարութիւններուն որդեգրած տնտեսական վատ քաղաքականութիւններուն, ինչպէս նաեւ ոմանց համոզումին ու երազներուն, թէ ասիկա առիթ է Դիմադրութեան վրայ ճնշում բանեցնելու, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան եւ անոր համակիրներուն միջեւ յարաբերութիւնը խզելու:

«Այսօր ամենայն անկեղծութեամբ կը հաստատենք, որ անոնք բոլորը «մազութէն սայթաքած են», եւ անոնց դաւադրութիւնը բացայայտուած է: Իսկ անոր փոխարէն մարտահրաւէրներուն տոկալու Դիմադրութեան կամքն ու համբերութիւնը ի յայտ եկած է` ընդդէմ երկրին մէջ տագնապներ ստեղծել փորձող կողմերուն», ըսաւ ան:

Ռաատ նշեց, որ երեսփոխանական պլոքներուն միջեւ գրեթէ համախոհութիւն գոյացած է երեսփոխանական ընտրութիւնները 27 մարտին կայացնելու` նկատի ունենալով, որ ապրիլ ամիսը կը զուգադիպի ռամատանին:

Ան հարց տուաւ, թէ երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելուն նպատակը նոր մեծամասնութիւն գոյացնե՞լ է:

«Երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցինք մեր ժողովուրդին վրայ մեր ունեցած մեծ վստահութեամբ, ինչպէս նաեւ վստահելով Դիմադրութեան նկատմամբ զօրակցութիւն ցուցաբերող շրջանակին գիտակցութեան վրայ», շեշտեց Ռաատ:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Մէջ Արգելափակուած Երկու Լիբանանցիներ Վերադարձան Պէյրութ

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.