Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կեդրոնականցին Չի Հասկնար, Թէ Ինչո՛ւ Հիմնադրամը Սփիւռքի Մէջ Ալ Պարգեւավճարներ Չի Բաժներ

September 24, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա

Կիրակի: Հայաստանի անկախութեան տարեդարձէն երկու օր առաջ Արմենակ եւ Էլպիս, իրենց դրացի Փոլ Տրամերեանի հետ, այցի եկան: Պարոն Փոլ թոշակառու է, դրամատան մը մէջ տարիներ աշխատած է եւ գիտէ դրամ հաշուել:

Մակարուհիի սուրճին հետ Էլպիսին պատրաստած պոլսական «հելվա»-ն վայելեցինք:Հայաստանի հեռատեսիլը հայելիի միւս կողմէն դիտող իրազեկ Արմենակ սկսաւ իր ճառը.

– Սփիւռքի հայ ուսուցիչին, վարդապետին, քահանային, դերասանին, գրողին եւ այլ հանրային աշխատաւորներուն ինչո՞ւ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ-ը պարգեւավճար չի տար: Հայաստան, տիրոջ իրաւունքով, հարիւր միլիոն տոլար առած է ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ-էն, կարիքի համար: Այդ մոռնալով` կառավարութիւնը լիաբուռն պարգեւավճարներ կը բաժնէ պետական պաշտօնէութեան: Եթէ պարգեւավճարի համար միլիոններ կան, ինչո՞ւ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ-ի հարիւր միլիոնը չի ծառայեր իր նպատակին եւ մտած է կառավարութեան գանձը:

Փոլ Տրամերեան, որ թոշակառու ըլլալէ ետք սկսած է ազգով զբաղիլ, հարցուց.

– Հայաստան հաշուական պալատ` Քուր տէ Քոնթ չունի՞: Երբ ան մեծագումար պարտքեր ունի, ինչպէ՞ս պարգեւավճար կը բաժնէ: Ընկերութիւնները իրենց պաշտօնեաներուն պարգեւավճար կու տան (primes) – երբ մեծ շահեր ունին, փոխանակ տուրք տալու պետութեան: Հայաստանի արտաքին պարտքը, գաղտնիք չէ, շուրջ տասը միլիառ է: Անտրամաբանական է, որ այդքան պարտք ունեցող երկիր մը պարգեւավճարներ շնորհէ:

– Այդքան մեծ թիւերու խելքս չի հասնիր,- ըսաւ Արմենակ: – Գիտէք, տասը կամ տասնմէկ միլիառ, տարբերութիւն չունին չունեցողին համար: Արդէն միջազգային յարաբերութիւններու մէջ սովորական է, որ երկիրներու պարտքերը ջնջուին: Կարեւոր գանձելիներ ունեցողները անոնց կարիքը չունին: Իսկ պարգեւավճարներ բաժնող կառավարութիւնը այդպէս կ՛ապահովէ ներքին խաղաղութիւնը: Պէտք է պարգեւավճարները դարձնել օրէնք, հասնիլ կարիքաւորներուն եւ թոշակառուներուն:

Փոլ Տրամերեան զարմացած կը լսէր: Երբ Արմենակ աւարտեց իր պարգեւավճարային տեսութեան ներկայացումը, ան ըսաւ.

– Պարո՛ն Արմենակ, տնտեսութիւն մը այդպէս չի տեւեր: Եթէ պարտատէրը յանկարծ որոշէ, որ տասը միլիառին վրայ մէկ միլիառ ալ պիտի չաւելցնէ, երկրի տնտեսութիւնը խեղդամահ կ՛ըլլայ, կը յայտարարուի սնանկութիւն, ան ո՛չ ալիւր կրնայ գնել, ո՛չ նաւթ, ո՛չ ինքնաշարժ…

– Ուրե՞մն,- հարցուց Էլպիս:

Արմենակ եզրակացուց.

– Մենք հաւատացեալ ժողովուրդ ենք: Կ՛աղօթենք, Յիսուս կու գայ եւ քանի մը հացը բազմապատկելով կ՛ապրեցնէ մեր ժողովուրդը: Ի զուր չէ ըսուած, որ հաւատք քո կեցուցէ զքեզ: Պարգեւավճարները այսօր կ՛երջանկացնեն: Հիմա թուրքերուն հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալու կը պատրաստուինք, եւ կը թուի, թէ կը գործենք անոնց առածներու իմաստութեամբ. «Մէկ օրուան պէյութիւնն ալ պէյութիւն է:

Կեդրոնականցին արտասովոր քաղաքական վերլուծաբան է: Հայաստան եւ սփիւռք զինք միշտ պէտք է լսել:

20 սեպտեմբեր 2021

 

 

Նախորդը

Էրտողանի, Անգարայի Եւ Թալիպաններու Անթաքոյց Համագործակցութեան Հեռանկարը

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Հալէպ-Երեւան Թռիչքին Վերականգնումը Խթան` Արդիւնաբերութեան Աշխուժացման

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.