Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողանի, Անգարայի Եւ Թալիպաններու Անթաքոյց Համագործակցութեան Հեռանկարը

September 24, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ

Ֆրանսայի ամէնէն հեղինակաւոր թերթերէն` «Լը Մոնտ»-էն եւ «Լը Մոնտ Տիփլոմաթիք»-էն կատարուած այս համադրումը լաւագոյնս կը բացայայտէ պաշտօնական Թուրքիոյ եւ թալիպաններու համագործակցութիւնն ու Անգարայի տարածաշրջանային ախորժակը: Առ այդ, հայ քաղաքական միտքը առնուազն զգուշաւորութեամբ պարտի հետեւիլ տակաւին խմորուող, բայց սրընթաց զարգացում ապրող նոր կացութեան: Արագ, հապճեպ, տարերային ու ենթակայական մեկնաբանութիւններ պէտք է բացառել եւ պարզապէս այս փուլին մօտէն հետեւիլ հոլովոյթին, որ եթէ ոչ անմիջականօրէն, սակայն գէթ հեռակայ կարգով անպայմանօրէն կ՛առնչուի Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան:

Թուրքիա եւրասիական իր գործընկերներուն` Ռուսիոյ եւ Իրանի նման բացասաբար չ՛ընդունիր թալիպաններուն իշխանութեան հասնիլը Աֆղանիստանի մէջ, ընդհակառակը: «Դրականօրէն կ՛ընկալենք ցարդ թալիպաններու կողմէ ուղարկուող պատգամները թէ՛ միջազգային դիւանագիտական շրջանակներուն եւ թէ՛ իրենց սեփական ժողովուրդին», յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Մեհմետ Չաւուշօղլու օգոստոս 17-ին, Ամմանի մէջ: Ան խորքին մէջ կ՛արձագանգէր իր ռուս պաշտօնակիցին` Սերգէյ Լաւրովի յայտարարութեան, ըստ որուն` «դրական նշաններ կան Աֆղանիստանի նոր ղեկավարութեան հետ հեզասահ ընթացող բանակցութիւններէն»:

Թուրքիա, որ 500 զինուոր ունէր ՕԹԱՆ-ի զօրախումբին մէջ, որ ստանձնած էր Քապուլի օդակայանին ապահովութիւնը, մտադիր էր իր զինուորները պահել այնտեղ` հակառակ արեւմտեան ուժերու հեռացման: Այս ուղղութեամբ Անգարա շաբաթներ առաջ բանակցած էր Ուաշինկթընի եւ Աֆղանիստանի այդ օրերու վարչապետ Աշրաֆ Ղանիի հետ: Սակայն այն պահուն, երբ 15 oգոստոսին թալիպանները գրաւեցին Քապուլը, Անգարա դադրեցուց այդ բանակցութիւնները, որովհետեւ ամերիկացիք քաշուեցան, իսկ աֆղանական այդ կառավարութիւնը գոյութիւն չունի այլեւս:

Շատ արագ յարմարելով ստեղծուած նոր իրադրութեան` թրքական իշխանութիւնները արդէն իրենց ծառայութիւնները առաջարկեցին Քապուլի նոր տէրերուն: Նախագահ Էրտողան կը յամառէր իր ուժերը պահելու Քապուլի օդակայանին մէջ եւ գիտակցելով, որ թալիպանները չունին միջազգային նեցուկ, ոչ ալ միջազգային հանրութեան կողմէ ճանաչում, յայտարարեց, որ ինք պատրաստ է ընդունելու անոնց նոր ներկայացուցիչը: Պոլսոյ մէջ Անատոլական ուսումնասիրութեանց ֆրանսական հիմնարկի տնօրէն Պայրամ Պալչի այս մասին կ՛ըսէ. «Բոլորին համար շահաւէտ ու ձեռնտու է Քապուլի օդակայանին անվտանգ ու ապահով ըլլալը, որպէսզի դիւանագէտները եւ ընդհանրապէս մարդիկ կարենան շարունակել իրենց աշխատանքները: Թուրքիա կ՛առաջարկէ ապահովել այդ մէկը, որովհետեւ իրեն համար դիւրին է թալիպաններուն հետ համաձայնիլ եւ բանակցիլ Փաքիստանի ու Քաթարի խողովակով, որոնց հետ ունի կայուն յարաբերութիւններ»: Անգարա կը գործադրէ դիւանագիտական մեծ ջանքեր` «համոզելու» թալիպանները: Քաթարի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը մնայուն ու անմիջական կապի մէջ է անոնց Քապուլի ղեկավարութեան հետ: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը Իսլամապատ մեկնեցաւ` համոզելու թալիպանները, որ ընդունին թրքական ներկայութիւնը: Սակայն ցարդ ո՛չ Էրտողանի հրաւէրը, ո՛չ ալ անոր ներկայացուցած գործակցութեան տարբեր առաջարկները իսլամական խմբակցութեան կողմէ ստացած են հաւանութիւն. անոնք կը շարունակեն պնդել, որ «բոլոր օտար ուժերը» պիտի հեռանան Աֆղանիստանէն` փետրուար 2020-ին Տոհայի մէջ ամերիկացիներուն հետ ստորագրուած պայմանագրի համաձայն:

Աֆղանիստանէն ելքի միակ ճանապարհը` Քապուլի օդակայանը, կը շարունակէ մնալ խուճապի բեմահարթակ. հազարաւոր աֆղաններ կը փորձեն ելք մը գտնել ու փախչիլ երկրէն, մինչեւ իսկ երբեմն կախուելով մեկնող օդանաւերէն` պարզելով ցաւալի պատկերներ® Ուստի Թուրքիա սկսաւ երկրէն հեռացնել ու պարպել իր քաղաքացիները, որոնց պաշտօնական թիւը կը յայտարարուի 5000: Անգամ մը, որ Անգարա կարենայ դուրս բերել իր քաղաքացիները, ի՞նչ պիտի ըլլայ իր 500 զինուորներուն ճակատագիրը: Ինչո՞ւ ան ամէն գնով կը փորձէր պահել զանոնք, սակայն չյաջողեցաւ: Ըստ Սուրիոյ մէջ քրտական աղբիւրներու, անոնք պիտի ծառայէին թրքական գաղտնի սպասարկութեանց, որոնք անմիջական եւ օրկանական կապի մէջ են վարձկան ահաբեկչական տարբեր խմբաւորումներու հետ: Անգարա զանոնք պիտի ուղարկէր Աֆղանիստան, առաջին փուլին` շուրջ հազար վարձկան, այնպէս` ինչպէս կատարած էր Իրաքի, Լիպիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Անգարա այս բոլորը կ՛ընէ պարզապէս ինքզինք իբրեւ կայուն ուժ ամրապնդելու համար տարածաշրջանին մէջ: Եւ եթէ ան մէկ կողմէ իր 500 զինուորները (ՕԹԱՆ-ի ուժերուն մէջ) հարկադրուած դուրս կը բերէ Քապուլի օդակայանէն եւ ընդհանրապէս Աֆղանիստանէն, միւս կողմէ` 3000 յատուկ ջոկատայիններ արդէն տեղակայած է երկրի արեւելեան սահմանին վրայ` ապօրինի գաղթը կանխելու պատրուակով, սակայն խորքին մէջ` յստակ այլ նպատակներով, զորս թուեցինք:

Ուրեմն, ինչպէս յայտնեցինք վերը, թալիպաններու հետ շաբաթներ շարունակ բանակցելէ եւ համաձայնութեան չհասնելէ ետք Թուրքիա պաշտօնապէս դուրս բերաւ Աֆղանիստանէն իր զօրքը, որ վեց տարիէ ի վեր կը գտնուէր այնտեղ: Անոր մէջ կային նաեւ ազրպէյճանցի խաղաղապահներ:

Հակառակ անոր որ Թուրքիա եւ Էրտողան, այլ խօսքով` պաշտօնական Անգարան, ունէին բոլորովին այլ նպատակներ, այնտեղ մնալու յստակ ու անթաքոյց ախորժակ, սակայն, հակառակ իրենց բոլոր ճիգերուն, մերժուեցան Աֆղանիստանի նոր տէրերուն կողմէ: Այդուհանդերձ, Անգարա դեռ թալիպաններու հետ համագործակցութեան ճանապարհը փակած չէ, ընդհակառակը, անմիջական կապը առկայ է. աւելի՛ն. թալիպանները ամէն տեսակի աջակցութիւն կ՛ակնկալեն Թուրքիայէն, որուն դրական պատասխանը ստացան արդէն, երբ Էրտողան 25 օգոստոսին պաշտօնապէս յայտարարեց հետեւեալը. «Անգարա սիրով ձեռք կ՛երկարէ եղբայրական Աֆղանիստանին թէ՛ վատ, թէ՛ լաւ ժամանակաշրջաններուն` անկախ այն հանգամանքէն, թէ ո՛վ կ՛ըլլայ իշխանութեան»:

«Դրօշակ», սեպտեմբեր 2021

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ընտանեկան Սրբութիւնը` Ընդդէմ «Քորոնա»-ին

Յաջորդը

Կեդրոնականցին Չի Հասկնար, Թէ Ինչո՛ւ Հիմնադրամը Սփիւռքի Մէջ Ալ Պարգեւավճարներ Չի Բաժներ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.