Երէկ` ուրբաթ, 17 սեպտեմբերին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երկու մրցումներ եւս:
Քառորդ աւարտականին իրենց տոմսերը ապահովեցին նաեւ` Փիւնիկ եւ Վան:
Փիւնիկ Երեւան, որ մրցեցաւ Երեւանի բանակայիններուն դէմ, իր յաղթանակը արձանագրեց մրցումին կորսուած վայրկեաններուն, 2-1 արդիւնքով:
Փիւնիկէն տուպլէ մը իրագործեց Հիւկօ Ֆիրմինօ, իսկ բանակայիններուն կոլը նշանակեց Արթուր Սերոբեան:
Իսկ Վան Սեւանի դէմ իր յաղթանակը արձանագրեց փենալթիներով, 3-1 արդիւնքով մը: Մրցումին հիմնական ժամանակը աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:
Նշենք, որ Փիւնիկէն եւ Վանէն առաջ, քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը ապահոված էին Արարատ-Արմենիա եւ Նորավանք:



