Պորուսիա Տորթմունտի նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ ճանչցուեցաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») օգոստոս ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, այս մասին պաշտօնապէս յայտնեց «Պունտըսլիկա»-ի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նախորդ ամիս 21 տարեկան ռմբաձիգը «Պունտըսլիկա»-ին գծով կատարեց 4 մրցում, նշանակեց 3 կոլ եւ կատարեց 3 էսիսթ:
Տորթմունտ, որ այդ չորս մրցումներուն ընթացքին արձանագրեց երեք յաղթանակ եւ կրեց պարտութիւն մը, այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 9 կէտ:



