Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իբրեւ Գլխաւոր Դասախօս Մասնակցեցաւ G20 Պետական Ղեկավարներու Հանդիպումը Կանխող Միջազգային Ֆորումին

September 15, 2021
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Միաստուածեան կրօններու երկխօսութեան հարթակը կրնայ նպաստել Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատման», ըսաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Քսաններու խմբակի (G20) միջազգային ֆորումին:

Այս էր հիմնական կէտը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` G20-ի պետական ղեկավարներու հանդիպումը կանխող միջազգային ֆորումին ուղղած իր պատգամին: Ընդհանրապէս G20 հանդիպումէն առաջ միջազգային ֆորում կը կազմակերպուի նոյն օրակարգի հարցերուն շուրջ` մասնակցութեամբ քաղաքական, դիւանագիտական, ակադեմական, տնտեսական, կրօնական եւ այլ մարզերու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն:

Իտալիոյ մէջ, 10-14 սեպտեմբերին տեղի ունեցած ֆորումին, որուն մասնակցեցան աշխարհի զանազան շրջաններէն աւելի քան 300 ներկայացուցիչներ, վեհափառ հայրապետը հրաւիրուած էր իբրեւ գլխաւոր դասախօս` «Կրօնի դերը արաբական աշխարհի մէջ տագնապներու լուծման գծով» նիւթին շուրջ: Նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական տագնապը եւ Լիբանանի հայ համայնքին օժանդակութեան հրամայականը` վեհափառ հայրապետը չկարողացաւ անձնապէս մասնակցիլ յիշեալ ֆորումին: Սակայն, ընդառաջելով կազմակերպիչ յանձնախումբի փափաքին, վեհափառ հայրապետը իր խօսքը առցանց ուղղեց ֆորումին:

Վեհափառ հայրապետը իր դասախօսութեան սկսաւ յիշեցնելով, որ «ներկայ աշխարհը կը դիմագրաւէ ահաւոր բեւեռացումներ, լարուածութիւններ եւ բազմազան տագնապներ: Հետեւաբար, ան կարիքը ունի փոխադարձ հասկացողութեան, երկխօսութեան ու գործակցութեան` ամրագրուած բարոյական արժէքներու եւ մարդկային իրաւանց վրայ»: Այս ուղղութեամբ, շեշտելով կրօնի դերը, վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ արաբական աշխարհին մէջ միաստուածեան կրօններու հաւաքական պատասխանատուութեան: Ան ըսաւ, թէ «միաստուածեան երեք կրօնները` հրէութիւնը, քրիստոնէութիւնը եւ իսլամութիւնը գործակցաբար առանցքային դեր կրնան կատարել` նկատի ունենալով առաջին` անոնց ունեցած հասարակաց արմատները` աւանդութիւններն ու արժէքները, երկրորդ` անոնց տիրական ներկայութիւնը իրենց համայնքներու կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, եւ երրորդ` անոնց գոյակցութեան երկար պատմութիւնը, որ յաճախ յատկանշուած է լարուածութեամբ եւ տագնապներով»: Ապա, վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ «Միջին Արեւելքէն գալով եւ քաջածանօթ ըլլալով անոր անցեալի ու ներկայի պատմութեան, ոմանց համար, թերեւս, միաստուածեան կրօններուն միջեւ գործակցութիւնը կրնայ իրապաշտ առաջարկ մը չթուիլ` շրջանին մէջ շարունակուող տագնապներու լոյսին տակ»: Սակայն, վեհափառ հայրապետը շեշտեց, թէ «երեք կրօնները կրնան հարթակ դառնալ շինիչ երկխօսութեան եւ ընդհանրական հարցերու շուրջ հաւաքական մօտեցումներու ձեւաւորման»:

Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը հետեւեալ ընդգծումները կատարեց.

1) «Միաստուածեան երեք կրօններու ներկայացուցիչները տարբեր առիթներով ու տարբեր շրջագիծերու մէջ յաճախ հանդիպած են ու կը հանդիպին միջազգային մակարդակի վրայ: Հետեւաբար, ինչո՞ւ անոնք պիտի չկարենան հանդիպիլ շրջանին մէջ ապաքաղաքական օրակարգի մը շուրջ` դառնալով արդարութիւն սերմանող եւ փոխադարձ վստահութիւն ներշնչող կրօնական հարթակ մը:

2) Նման հանդիպումներ յիշեալ կրօններուն համար կրնան մեծապէս օգտակար դառնալ` վերահաստատելու իրենց հասարակաց արժէքները եւ զանոնք դարձնելու համահունչ ներկայ ժամանակներուն ու իրականութիւններուն: Նման քննարկումներ նաեւ կրնան օգտակար հանդիսանալ ծայրայեղութեան, անհանդուրժողութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ տարուող համաշխարհային պայքարին:

3) Ընկերութիւնները յուզող տագնապներու գծով, միաստուածեան կրօններու մօտեցումը պէտք է ըլլայ ոչ հակազդող, այլ` հասարակաց արժէքներու վրայ խարսխուած նոր մօտեցումներ առաջարկող: Անոնք զգուշ պէտք է ըլլան նոյնանալու քաղաքական ու գաղափարախօսական այնպիսի շարժումներու հետ, որոնք կրնան կրօնի ինքնութիւնը խաթարել ու վնասել անոր իւրայատուկ դերին:

4) Անփոփոխ պահելով հանդերձ իրենց ինքնութիւնը եւ ուսուցումները, միաստուածեան կրօնները անհրաժեշտ է, որ գործակցութեան կամուրջներ հաստատեն քաղաքացիական ընկերութեան մէջ գործող կառոյցներուն հետ` միասնաբար դիմագրաւելու ընկերութիւնը տագնապեցնող խնդիրը:

5) Կառավարութիւններու եւ ընդհանրապէս քաղաքական ղեկավարներու նկատմամբ ո՛րեւէ կրօն, ո՛րեւէ տեղ եւ ո՛րեւէ պայմաններու մէջ պէտք է ըլլայ խստապահանջ, բարոյական արժէքներէ մղուած` պահանջելով հաշուետուութիւն, թափանցիկութիւն եւ կառավարման արդար ձեւ»:

Եզրակացնելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը շեշտեց, թէ միաստուածեան կրօնները կրնան մեծապէս նպաստել Միջին Արեւելքին մէջ` արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ ազգերու, կրօններու ու մշակոյթներու միջեւ խաղաղ եւ ներդաշնակ գոյակցութեան հաստատման այնքան հրամայական անհրաժեշտութեան:

Վեհափառ հայրապետի խօսքին յաջորդեց վեց հոգիներէ բաղկացած քննարկումի նիստը:

Նախորդը

Երգի Մը Պատմութիւնը. «Հայորդիք» Երգին Մեսրոպաշունչ Պատգամը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.