Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Առաջնահերթութիւնը Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Բանակցութիւններու Վերսկսումն Է` Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Հովանիին Տակ» Կ՛ըսէ Լաքոթ

September 13, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժոնաթան Լաքոթ կ՛աւարտէ իր առաքելութիւնը: Հրաժեշտէն առաջ «Հետք»-ը զրուցած է դեսպանին հետ: Անդրադարձ եղած է նաեւ արցախեան տագնապին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կարելի՞ է ԵԱՀԿ-ի ու Մինսքի խմբակի գործունէութիւնը վերականգնել, դեսպանը ըսած է. «Իրականութիւնը այն է, որ միայն Մինսքի խմբակը Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը քննարկելու լիազօրութիւն ունի: Կրնանք յուսալ, որ տագնապը լուծուած է, սակայն այնտեղ բնակող մարդոց անվտանգութեան հարցը լուծուած չէ: Կարմիր խաչի միջազգային յանձնախումբէն բացի, ոչ մէկ այլ միջազգային կազմակերպութիւն ներկայացուած է: Միայն Լաչինի միջանցքը կարելիութիւն կու տայ կապ հաստատել Հայաստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ: Այդ տարածքին մէջ մենք ունինք շրջափակման մէջ գտնուող բնակչութիւն:

«Այս ամէնը անգամ մը եւս ապացոյց է բանակցութիւնները վերսկսելու անհրաժեշտութեան: Համանախագահ պետութիւնները քանի մը անգամ առիթ ունեցած են 9 նոյեմբերի յայտարարութենէն ետք այդ մասին խօսելու` ընդգծելով, որ այդ անհրաժեշտութիւնը պայմանաւորուած է ո՛չ միայն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի իրավիճակով, այլ նաեւ այդ յայտարարութեան հետեւած շարք մը իրադարձութիւններով»:

Լաքոթ խօսած է նաեւ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս համանախագահող երկիրները հաւանական կը նկատեն շրջանային համագործակցութիւնը, փոխադրամիջոցային ուղիներու ապաշրջափակումը, եթէ Ազրպէյճանը չի վերադարձներ հայ գերիներն ու չի կատարեր եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները:

«Որոշ հարցերով փակուղիի մէջ ենք: Փակուղիի մէջ ենք գերիներու հարցին մէջ, հաղորդակցութեան ուղիներու հարցին մէջ, ոչ մէկ քննարկում, բանակցութիւն տեղի կ՛ունենայ Ղարաբաղի հարցով: Կը տեսնենք, որ այս սթաթիւս քոն վտանգաւոր է: 9 նոյեմբերի յայտարարութենէն ետք այլ խնդիրներու բախած ենք, մասնաւորաբար` Հայաստանի տարածքին մէջ, Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ: Առաջնահերթութիւնը Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բանակցութիւններու վերսկսումն է` Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին տակ: Հակամարտող կողմերը իրենք պէտք է որոշեն այն առաջնահերթ հարցերը, որոնք իրենք պիտի քննարկեն», ըսած է դեսպանը:

Նախորդը

Արտօնուեցաւ Կազմել Նոր Կառավարութիւն

Յաջորդը

«Չենք Նկատեր, Որ Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակի Հարցը Լուծուած Է, Ամէն Ինչ Կ՛ընենք Երկու Կողմերը Մինսքի Խմբակի Բանակցութիւններու Սեղան Վերադարձնելու» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց,  Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար  Մեծ Կարեւորութիւն Ունի
Գլխաւոր լուրեր

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց, Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար Մեծ Կարեւորութիւն Ունի

October 17, 2026
ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն  Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ  Մարտահրաւէրները Կը Յամենան
Հայկական

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ Մարտահրաւէրները Կը Յամենան

October 17, 2026
ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Առաջնորդներու Վեհաժողովը
Հայկական

ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Առաջնորդներու Վեհաժողովը

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.