Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային-Յեղափոխական Երգերու Երեկոյ Այնճարի Մէջ

September 13, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, ուրբաթ, 10 սեպտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային-յեղափոխական երգերու երեկոյ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գարոլ Քէնտիրճեան, որ ըսաւ, թէ մուսալեռցին բազմաթիւ դժուարութիւններ կրած է պատմութեան տարբեր փուլերու, մինչեւ այսօր` սփիւռքի տարածքին, սակայն երբեք այս դժուարութիւններէն չէ յուսահատած, այլ կերտած է, շէնցուցած,  յառաջդիմած ու գոյատեւած: Իր խօսքը շարունակելով ըսաւ, մենք` իբրեւ ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի երիտասարդներ կը վստահեցնենք ձեզի, որ մենք կանգուն ենք եւ պիտի պայքարինք մինչեւ մեր նուիրական երազին իրականացումը`միացեալ, ազատ, անկախ Հայաստանի կերտումը: Իր խօսքը եզրափակելով` ըսաւ. «Մենք լեռն ենք տակաւին, թող ետ գայ թշնամին»:

Յեղափոխական երգերու երեկոյին ընթացքին ներկայացուեցան մասնաճիւղին կողմէ պատրաստուած Մուսա Լերան եւ յեղափոխական պատգամներ, ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որուն մէջ աշխարհի չորս ծագերէն` Հայաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Ֆրանսայէն ՀՅԴ երիտասարդական այլ միութիւններու անդամներ ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին:

Յայտագիրի ընթացքին մասնաճիւղէն Մարիա Աբէլեան հանդէս եկաւ ազգային- յեղափոխական երգով մը, որուն յաջորդեց Մուսա Լերան աւանդական թմբուկ-զուռնան, որոնք մեծապէս խանդավառեցին մթնոլորտը:

Ձեռնարկի ընթացքին վաճառուեցաւ Մուսա Լերան աւանդական ուտեստեղէն, փոքրերու յատուկ ուտելիքներ, զովացուցիչ եւ այլն: Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն:

Նախորդը

Սովորութեան Մը Գոյատեւումը

Յաջորդը

Վերջապէս… Նոր Կառավարութիւն

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան.  Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան. Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը

October 16, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.