Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի աղջկանց աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ երիտասարդ մարզիկներու միջեւ:
Կիսաւարտականի մրցումներուն յաջողեցան յաղթանակներ արձանագրել 18 տարեկան անգլիացի Էմմա Ռատուքանու եւ 19 տարեկան քանատացի Լէյլա Ֆերնանտես:
Այսպիսով, այս մրցաշարքի պատմութեան մէջ Ռատուքանու առաջին թենիսվումընն է, որ աւարտականի իր տոմսը կ՛ապահովէ մրցաշարքը սկսելով զտումի մրցումներէն:
Նշենք նաեւ, որ 1999-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով է, որ աւարտական մրցումը կը կատարուի 20 տարեկանէն վար մարզիկներու միջեւ:
Վերոնշեալ թուականին 17 տարեկան ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ, աւարտականին պարտութեան մատնած էր 18 տարեկան զուիցերիացի Մարթինա Հինկիսը:



