Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չինաստանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ Խնդիրները Կը Հակասեն Երկու Երկիրներու Շահերուն» Կ՛ըսէ Սի Ծինփին

September 11, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտարարած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրները չեն համապատասխաներ երկու երկիրներու, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքի հիմնական շահերուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` յղում կատարելով «Ինթըրֆաքս»-ին:

Չինաստանի ղեկավարը նշած է, որ Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու` իրարու հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելէն «կախեալ է աշխարհի ապագայ ճակատագիրը»: Միեւնոյն ժամանակ անոնց միջեւ ճակատումը պատճառ կը դառնայ, որ թէ՛ իրենք տուժեն, թէ՛ ամբողջ աշխարհը:

Սի Ծինփին ըսած է, որ Չինաստանն ու Միացեալ Նահանգները «հիմնական խնդիրներու առումով զիրար յարգելու հիման վրայ կրնան համագործակցիլ կլիմայի փոփոխութեան, համաճարակներու կանխարգիլման եւ անոնց դէմ պայքարի, տնտեսութեան վերականգնման հարցերուն մէջ, ինչպէս նաեւ միջազգային ու շրջանային հիմնական հարցերուն մէջ:

Կողմերը «համաձայնած են, որ Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու պետութիւններու ղեկավարներուն միջեւ հաղորդակցութեան խորացումը երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ միջազգային հիմնական հարցերու շուրջ չին-ամերիկեան յարաբերութիւններու ճիշդ զարգացման համար շատ կարեւոր է»:

Անոնք համաձայնած են շարունակել պահպանել երկկողմանի հաղորդակցութիւնները, ինչպէս նաեւ շարունակել աշխատանքային մակարդակով ընդգրկուն երկխօսութիւնը` «չին-ամերիկեան յարաբերութիւններու յառաջընթաց զարգացման համար պայմաններ ստեղծելու նպատակով»:

 

Նախորդը

Սուրիոյ Ժողովրդավարական Խորհուրդ. «Ուաշինկթըն Սուրիայէն Հեռանալէ Առաջ Պէտք Է Մեզ Տեղեակ Պահէ»

Յաջորդը

Իրան-Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ Փոխադարձ Կրակոց Տեղի Ունեցած Է

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.