Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Ռէալ Մատրիտի նախկին գլխաւոր մարզիչ Քարլոս Քիերոս, նշանակուեցաւ Եգիպտոսի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ, այս մասին յայտնեց Եգիպտոսի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
68 տարեկան փորթուգալցի մասնագէտը փոխարինեց Հուսամ Պատրին, որ իր արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով կորսնցուց իր պաշտօնը:
Նշենք, որ Քիերոս նախապէս եղած է Քոլոմպիոյ, Իրանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային խումբերու մարզիչ:



