Պաքուի մէջ ստեղծուած է յատուկ հրամանատարական խումբ մը, որ Ազրպէյճանի մէջ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները, վկայակոչելով ռազմավարական փորձագէտ Ատալիաթ Վերտիեւը, կը գրեն, որ այդ խումբը կը ներառէ չորս թուրք զօրավարներ:
Ատոր զուգահեռ` փոխարինուած է նաեւ Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու զինուորական կցորդը: Այժմ այս պաշտօնը կը վարէ զօր. Զաքարիա Եալչընը:
«Թերթ» կը նշէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը չէ մեկնաբանած այս տեղեկութիւնը:



